Ապրիլ 27-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Ֆրանսահայոց խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Քիւրքճեանը յայտարարեց Խորհուրդի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման նախաձեռնութիւններուն, ի շարս համազգային օրակարգի իրականացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն։ Քիւրքճեանը, ով նաեւ «Կրանթ Թորնթոն Արմենիա» ընկերութեան պատուաւոր նախագահն է, ընդգծեց Խորհուրդին յանձնառութիւնը՝ նպաստելու Հայաստանի յառաջընթացին:
Ի պատասխան՝ վարչապետ Փաշինեանը ողջունեց Խորհուրդի ներգրաւուածութիւնը եւ նկատել տուաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդման եւ գործընկերութեան խթանման կարեւորութիւնը։ Քիւրքճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին՝ աջակցութեան համար, եւ ընդգծեց Խորհուրդին իրականացուցած ծրագիրները։
Երկու կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւնները: Վարչապետը ընդգծեց կառավարութեան աշխուժ աշխատանքը Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետ։