Search
Close this search box.

Կասեցուցէ՛ք Արցախի շրջափակումը

Այն պահէն ի վեր, երբ Ատրպէճանը յունուար 9-ին սկսաւ խափանել դէպի Արցախ ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի մատակարարումը, Սարսանգի ջրամբարը, որ տարածաշրջանի համար ջրային պաշարներու կենսական աղբիւրն է, կորսնցուց իր ծաւալին զգալի մասը: Արցախը միայն վեց ջրաելեկտրան կայաններու եւ 70 տոկոսով Սարսանգի վրայ յենուած ըլլալուն պատճառաւ է, որ յայտնուեցաւ ամէնօրեայ անջատումներու տակ եւ կենցաղային ելեկտրական ուժանիւթ արտադրելու հարկադրանքին առջեւ: Աւելին՝ շարունակուող ճգնաժամը լուրջ մարդասիրական եւ բնապահպանական խնդիրներու պատճառ դարձաւ, ի շարս աղբիւրներու չորացման, բուսական ու կենդանական միջավայրի վատթարացման:
Սարսանգի ջրամբարը կ’օգտագործուէր նաեւ Ատրպէճանի գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերը ոռոգելու համար (շուրջ 96 հազար հեքթար)։ Արհեստածին ուժանիւթային ճգնաժամ յառաջացնելով՝ Ատրպէճանը կը զրկէ նաեւ իր իսկ բնակչութիւնը, ամառուան տօթ ամիսներուն, Սարսանգէն ոռոգման ջուր ստանալու հնարաւորութենէն։
Հաշուի առնելով, որ Սարսանգի ջրային պաշարները այժմ հասած են ճգնաժամային սահմանի, անհրաժեշտ է լուծում գտնել՝ կանխելու լիակատար մարդասիրական աղետը:

https://twitter.com/artak_beglaryan/status/1654874363336839171?s=46&t=dC0VgHvXA01ZCGa3zyRFCg

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *