Search
Close this search box.

Հայաստանի 6 մարզերու եւ Երեւանի 16 երկրորդական վարժարաններու մէջ պիտի իրականացուի արհեստական բանականութեան կրթութիւն

Հայաստանի 6 մարզերու եւ մայրաքաղաքի 16 երկրորդական վարժարաններու բաղադրիչ ունեցող ուսումնական հաստատութիւններէն ներս՝ սեպտեմբերէն սկսեալ սկիզբ պիտի առնէ «Արհեստական բանականութեան սերունդ» փորձարարական ծրագիրը։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է բաց մրցոյթի արդիւնքով յաղթող ճանչցուած դպրոցներուն ցանկին։ Նախատեսուած 10-ի փոխարէն կրթութիւնը պիտի իրականացուի 16 դպրոցներու մէջ։

Ծրագիրը մշակուած է Հայաստանի գիտութեան ու արհեստագիտութեան հիմնադրամի (FAST) կողմէ եւ կ’իրականացուի ԿԳՄՄՆ-ի աջակցութեամբ ու ոլորտի կառոյցներու եւ մասնաւոր հատուածին հետ լայնածաւալ համագործակցութեամբ։

Այս ուսումնական տարուընէ սկսեալ ծրագրին պիտի միանան Արմավիրի մարզի երկու, Գեղարքունիքի` մէկ, Լոռուայ` երեք, Կոտայքի` չորս, Սիւնիքի` մէկ, Շիրակի` երկու եւ Երեւանի երեք կրթական հաստատութիւններ՝ ԱԲ կրթութիւնը հասանելի դարձնելով շուրջ 200 աշակերտներու։

Ծրագրի փորձարարական ժամկէտ սահմանուած է 2023 թուականի սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ 2026 թուականի օգոստոս ամիսը, որմէ ետք անիկա նախատեսուած է ընդլայնելու եւ հասանելի դարձնելու մեծաթիւ աշակերտներու:

«Արհեստական բանականութեան սերունդ» ծրագիրը կ’իրականացուի «Advance Armenia» համաշխարհային արշաւին աջակցութեամբ։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *