Առաջնորդութեան դերը ազգաշինութեան մէջ (մաս 1)

Լաւապէս կը յիշեմ 1991-ին կատարած առաջին այցելութիւնս Չինաստան, որ այդ ժամանակ թերզարգացած երկիր էր: Աշխատողին օրավարձը կը հասնէր հազիւ մէկ տոլարի: Այդ ժամանակաշրջանին աչքի զարնող անհատները հեծանիւ ունեցողներն էին: Այնուամենայնիւ, ընդամէնը մէկ տասնամեակի ընթացքին ականատես դարձայ ընկերա-տնտեսական, կրթական եւ արդիւնաբերական բացառիկ վերափոխման: Չինաստանի ուշագրաւ յառաջընթացը շեշտուեցաւ 2019-ին, երբ յաջողեցան հասնիլ լուսնի մութ կողմը տիեզերանաւով վայրէջք կատարելու պատմական հանգրուանին: Նոյն տարին Շեն Ժեն գործունեայ մայրաքաղաքը իր 12,5 միլիոն բնակիչներով արագօրէն փոխարինեց 20.000 աւանդական թաքսիները ժամանակակից ելեկտրական մեքենաներով: Այս յառաջադէմ անցումը առաջնորդեց նմանօրինակ անցումներու՝ Չինաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
1991-ին թուականին, երբ Պորիս Ելցին իշխանութեան եկաւ Ռուսիոյ մէջ, ամբողջ ազգ մը, օժտուած առատ պաշարներով, ինչպիսիք են՝ նաւթը, բնական կազը, ոսկին, անդամանդը, գիւղատնտեսութիւնը, արդիւնաբերութիւնը, օդոլորտը եւ ազդու բանակը, կանգնած խաչմերուկի վրայ՝ գնաց ճակատագրական որոշումներու, որոնք պիտի ձեւաւորէին իր ապագայ ուղին:
Ղեկավարութիւնը , ըլլայ Չինաստանի, ըլլայ Ռուսիոյ մէջ, առանցքային դեր խաղաց իր ժողովուրդին ճակատագիրը ձեւաւորելու առումով՝ իւրաքանչիւրը յառաջ քաշելով տարբեր միջոցներ:

Այլ ճակատի վրայ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) իր ուղին սկսաւ 1952-ին Ածուխի եւ պողպատի պայմանագրին շուրջ կեդրոնացած համեստ նպատակներով: Լրացուցիչ քայլերու միջոցով ան վերաճեցաւ Եւրոպական տնտեսական համայնքի՝ մաքսային միութեան՝ ունենալով իր ուրոյն արժոյթը՝ եուրօն: ԵՄ-ը ձեւաւորող ղեկավարները չառաջնորդուեցան բարոյական արժէքներով եւ եղբայրական զգացումներով, այլ իրենց հասարակաց շահերով եւ այն գիտակցութեամբ, որ միութիւնը բանալին է գոյատեւման:
Այնուամենայնիւ, եւրոպացիք կը շարունակեն վիճիլ իրենց միջեւ: Իւրաքանչիւր ոք հետամուտ է աւելի մեծ բաժին ստանալու կարկանդակէն: Հակառակ աւելի քան 70 տարուան գոյութեան՝ անոնք չեն յաջողած ստեղծել եւրոպական պաշտպանական միացեալ համակարգ մը: Հետեւաբար անոնք կ'ապաւինին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած ռազմավարական որոշումներուն՝ աւելի բարձր գին վճարելով Ազրպէյճանէն ռուսական կազին, միաժամանակ ականատես դառնալով իրենց արդիւնաբերութիւններուն ԱՄՆ տեղափոխման՝ որոնելով աւելի աժան ուժանիւթ:

Մեր հարուստ քաղաքակրթութեամբ եւ ստեղծագործականութեամբ յայտնի բնակչութեամբ՝ պէտք չէ ըլլայ որեւէ հաւանական պատճառ ձախողելու այս պատերազմին: Այնուամենայնիւ, ի տես ազգերու եւ ընկերութիւններու հոլովոյթին՝ մենք կը հասկնանք այն էական դերը, որ ղեկավարութիւնը կրնայ խաղալ ազգի մը ճակատագիրը ձեւաւորելու մէջ:

«DiasporArm»-ը կոչ կ'ընէ մեր ազգի գործուն ուժերուն՝ մեր ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու հիմնադիրներուն, համահիմնադիրներուն եւ տնօրէններուն, մասնաւորապէս մեր առաջնորդներուն՝ համախմբուելու եւ խթանելու տեսողական առաջնորդութիւնը, համագործակցելու ի նպաստ ծաղկող եւ բարգաւաճ ազգ ստեղծելու համար:

«DiasporArm»-ը կոչ կ'ընէ մեր ազգի գործուն ուժերուն՝ մեր ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու հիմնադիրներուն, համահիմնադիրներուն եւ տնօրէններուն, մասնաւորապէս մեր առաջնորդներուն՝ համախմբուելու եւ խթանելու տեսողական առաջնորդութիւնը, համագործակցելու ի նպաստ ծաղկող եւ բարգաւաճ ազգ ստեղծելու համար:

Միւս տարբերակը այն է, որ հզօր, աւելի յաջող եւ միասնական ազգ ունենալու մեր ձգտումը կրնայ շօշափելի իրականութիւն չդառնալ մեր կեանքի տեւողութեան:

Շարունակելի...

Յովէլ Շնորհօքեան

Հուլիս, 2023
Երեւան, Հայաստան

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *