Search
Close this search box.

Յաղթահարելով մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները

Ի պատասխան Վահան Զանոյեանի՝ Հայաստանի սահմանադրութեան վերաբերող յօդուածին

Չափազանց ճակատագրական ժամանակներ են Հայաստանի համար, որուն անմիջական վերահսկողութենէն դուրս է տարածաշրջանային ներկայ իրադարձութիւններուն գերակշռող մասը, որ խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրին վրայ:
Բազմաթիւ երկիրներ կը բախին իրենցմէ անկախ ծայր առած տարածաշրջանային զարգացումներու, որոնց վերահսկողութիւնը իրենց ձեռքը չէ. այս երեւոյթը յատուկ չէ Հայաստանին: Սակայն լաւ պատրաստուած կառավարութիւն մը կրնայ կառավարել այս զարգացումներուն հետեւանքները, եթէ ունի ձեռնհաս բանակ, ազդու դիւանագիտութիւն եւ շարք մը ռազմավարական կայուն դաշինքներ, ուր անոնք իրենց տալիքին չափ ստանալիք ունին. շրջանային հմուտ հետախուզութիւն, մրցունակ տնտեսութիւն եւ ներքին լաւ կառավարում: Ցաւօք, այս պահուս Հայաստան ասոնցմէ ոչ մէկը ունի, եւ ճիշդ հոն է աղէտաբեր խնդիրը:

Հայաստանի կառավարման ոլորտին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւումը խիստ կարեւոր է, թէեւ քաղաքացիութիւն ենթադրող հանրային պարտականութիւններ ստանձնելու հնարաւորութիւնները տակաւին սահմանափակ են: Կան որոշ հիմնաւորումներ, որոնք տեսականօրէն տեղին են, սակայն ո՛չ Հայաստանի պարագային՝ նկատի ունենալով մարդկային կորուստները եւ այս օրէնքներուն անյարիրութիւնը Հայոց պատմութեան շրջագիծին մէջ:
Արդիւնքը Սփիւռքի դուրսմղումն է՝ յօգուտ տեղական դերակատարներուն: «Արտաքին ազդեցութեան» վախը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան մենաշնորհը պահելու մոլուցքը կրնան բացատրել ներկայ ընդհանուր իրավիճակը:
Մի քանի տարի առաջ Ալժերիա փոփոխութիւններ մտցուց սահմանադրութեան մէջ՝ սահմանափակելու նախագահական պաշտօնի հասանելիությունը՝ սահմանելով բնակութեան պահանջներ եւ արգիլելով երկքաղաքացիութիւնը:
Լուսապատկերի միւս յետնակէտին Քուեպէքի նախկին վարչապետներէն մէկը ֆրանսական քաղաքացիութիւն ունէր (կնոջը միջոցով): Ոչ ոք զինք մեղադրեց Քուեպէքի կամ Գանատայի հաշուոյն Ֆրանսայի շահերը սպասարկելու մէջ:

Ամէն պարագայի, սահմանադրութեան փոփոխութիւնը աննշան քայլ մը չէ: Նմանօրինակ փոփոխութիւն մը պէտք է հաւաքական ծրագիրի մը (ինչը գոյութիւն չունի այս պահուս) վերջին քայլը ըլլայ: Աւելին՝ այդ կ'ենթադրէ քաղաքական վերնախաւի, այդ կարգին՝ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի համատեղ աւանդը:
Հայաստանի կառավարման ոլորտին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւումը, արդարեւ, կարեւոր է:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *