Search
Close this search box.

Միասնականութեան յաղթանակները

«Ինչ որ 1000 տարիներու ընթացքին կորսնցուցած ենք, չենք կրնար շահիլ ամիսներու եւ նոյնիսկ քանի մը տարիներու ընթացքին: Պիտի վճարենք ոչ միայն մեր հաշուոյն այլեւ մեր պապերու հաշուոյն:
Թշնամին հզօր է, փոռձառու եւ շահերով կապուած օտար մեծ ոյժերու հետ, աջակողմեան ու ձախակողմեան: Մեր թշնամին պետութիւն է, իսկ մենք՝ սփիւռք: Պէտք ունինք պետական ոյժեր հակադրելու եւ զօրակոչելու իրեն դէմ:
Մեր ոյժը մեր միասնականութեան մէջ է:
Հզօր ենք՝ երբ միասնական ենք:
Չարենցը ամենէն աւելի ճակատագրական ու սրբազան այս պահուն համար պատգամած է մարգարէական տեսիլքով.

«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»:

1965ին գրուած ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ յօդուածով, Սիմոն Սիմոնեան կ'արտայայտուի Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առիթով գոյացած միասնականութեան դրական արդիւնքներուն մասին:

«Հայ հոգեւոր իշխանութիւնները — Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական, նոյնպէս հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները — Հնչակեան, Դաշնակցական եւ Ռամկավար — պատուաբեր կերպով վկայեցին թէ Հայութեան ազգային մեծ պայքարին գիտեն բերել իրենց զինակցութիւնը եւ ատով իսկ վկայել թէ ԳՈՐԾԸ — Ոգեկոչում ու Դատ — առանձին ոյժերով իրագործուելիք չէ, այլ միայն ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ եւ անոր բարիքը, ինչպէս եւ պահանջած զոհողութիւնը, ԲԱՇԽԵԼԻ են հայ ամբողջ հաւաքականութեան միջեւ:
Ստեղծուած է ոչ միայն խաղաղութեան ու հանդարտութեան մթնոլորտ մը հայ կեանքին մէջ, այլեւ գոյացած է փոխադարձ վստահութիւն եւ հաւատք իրարու հանդէպ: Բարոյական ու հոգեկան զինակցութիւն մը, որ կ'ենթարկէ նպատակի միութիւն եւ թիրախի նոյնութիւն: Տարակարծութիւնները ոչ միայն իրենց նուազագոյնին իջած են, այլեւ գրեթէ անհետացած ըլլալու նշանները ցոյց կու տան:

Միասնականութեան իբր արդիւնք «Հայ քաղաքական հոսանքները, Ապրիլեան Սրբազան Աւազանին մէջ լուացուելով՝ փաստեցին թէ ազգային կազմակերպութիւններ են, հայ ժողովուրդի դատին ու գոյատեւման համար ստեղծուած նեցուկներ ու սիւներ են, եւ ո՛չ թէ օտարին կողմէ հեռավարուած են: Մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները արեւելքի կամ արեւմուտքի յարած ու սպասարկող ըլլալու մեղքով իրար կ'ամբաստանէին: Հաւաքական ու վճռական գործի պահը ջնջեց երկուստեք եղած այդ մեղադրանքները:
Ահաւասի՛կ մեր միասնականութեան ճշմարիտ յաղթանակները, որոնք շարունակելի են: Կը սպասենք որ այս միասնականութիւնը միմիայն ապրիլեան չըլլայ, այլ տարածուի ոչ միայն տարուան բոլոր ամիսներուն, այլեւ բազմաթիւ տարիներու վրայ առնուազն մինչեւ 2000 թուականը եւ մինչեւ մեր Սրբազան Դատին իրագործման սրբազան ժամը:»

Արդեօք ճի՞շդ է «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» ասացուածքը:
Արդեօք կրնա՞ն 1965ի կացութիւնն ու յարաբերութիւնները կրկնուիլ:

Ամբողջական յօդուածը այստեղ կրնաք կարդալ հայերէնով։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *