Search
Close this search box.

Պէտք է նախ սահմանենք մեր թիրախի մակարդակը

Ստորեւ ներկայացուցած ենք «DiasporArm» հարթակի հիմնադիր Յովէլ Շնորհօքեանի՝ «ՍիվիլՆեթ»-ին տուած հարցազրոյցին հիմնական դրուագները:

ԱՐԴԵՕՔ Կ’ՈՒԶԵ՞ՆՔ ՅԱՋՈՂԱԿ ԱԶԳ ՄԸ ԴԱՌՆԱԼ, ՈՒՆԵՆԱԼ ՏԵՍԼԱԿԱՆ՝ 20 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ:

Ներկայիս մենք ունինք 2 հայկական միեղջիւր, իսկ Ատրպէճանն ու Վրաստանը՝ ոչ մէկ հատ։ Թուրքիա, իր զարգացած տնտեսութեամբ եւ շուրջ 85 միլիոն բնակչութեամբ, նոյնպէս ունի միայն 2 միեղջիւր: Արդեօք պէ՞տք է գոհանանք մեր կացութեամբ, թէ պէտք է նպատակ հետապնդենք գերազանցելու Էսթոնիոյ, որ ունի 10 միեղջիւր՝ 1.3 միլիոն բնակչութեան դիմաց:
Արդեօք կ’ուզե՞նք 20 տարուան մէջ 20 հատ Նոպէլեան մրցանակ շահիլ:
Դարերու ընթացքին հայերը գործուն ազդեցութիւն ունեցած են Եւրոպայի, Օսմանեան կայսրութեան, Ռուսիոյ մէջ եւ այլուր։ Արդեօք կ՚ուզե՞նք վերականգնել այն դիրքը, որ Ցեղասպանութենէն առաջ ունէինք Աշխարհակարգին մէջ:

Արդեօք պէտք չէ՞ ձգտինք կրկին ազդեցիկ ազգ մը դառնալ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի առանցքային դերը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, դառնալ հաշտարար միջնորդ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Արդեօք պէտք չէ՞ ունենանք ազդեցիկ քաղաքական դէմքեր՝ նախարարներու եւ վարչապետներու մակարդակով Եւրոպայի, Քանատայի եւ Ամերիկայի մէջ...

Այս նպատակին հասնելու համար կարող առաջնորդութեան կը կարօտինք, որ հազուագիւտ ու անգնահատելի տարր մըն է:

Յաջողութեան նախապայմանները

Առաջին հերթին, պէտք է ըմբռնենք ազգային պատկանելիութեան ընկալումը՝ գիտակցելով, որ ՄԷԿ ԱԶԳԻ անդամներ ենք:
Երկրորդ, պէտք է հաւասարակշռենք ներդրումները սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ներկայիս սփիւռքի ներուժին մեծ մասը ուղղուած է դէպի Հայաստան, որ ինքին արդէն իսկ բարգաւաճ է: Սակայն շատ քիչերն են, որ կը կեդրոնանան նոյնինքն սփիւռքի կարիքներուն վրայ: Կարեւոր է հաւասարակշռել այս իրավիճակը։

Նոյնքան կարեւոր է շօշափելի եւ անշօշափելի արժէքներուն հաւասարակշռումը՝ ներդրում ունենալով ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նաեւ մտածելակերպի զարգացման մէջ: Այդ կարելի է իրագործել կրթութեան ճամբով:

Կրթութեան հասկացողութիւնը

Արեւմտեան սփիւռքի այն ծիրէն ներս, ուր մեր զաւակներուն գերակշիռ մեծամասնութիւնը, հեռաւորութեան պատճառաւ, չի կրնար յաճախել ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ, ունինք միօրեայ դպրոցներ, որոնք կը կեդրոնանան բացառապէս հայերէն դասաւանդելու վրայ: Ես կրթութեան մէջ կ’ընկալեմ երեք հիմնական չափանիշեր.

  1. Մշակութային ժառանգութեան աւանդում, որ կը պարունակէ լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ արուեստ:
  2. Գիտելիքներ եւ հմտութիւններ , որոնք անհրաժեշտ են յաջողութեան համար:
  3. Արժէքներ, որոնք պարտադիր են նկարագիր եւ յաջող ազգ կերտելու համար:

Հիմնականօրէն կրթութեան ճամբով է, որ պէտք է ազգային պատկանելիութեան ըմբռնումը տարածենք:

Ներազգային հաղորդակցութեան ապահովումը

Ազգին մէջ կը նկատեմ երեք հիմնական բեւեռ. Հայաստանի բնակչութիւնը, դասական սփիւռքը եւ նոր սփիւռքը։

Զարմանալի է, որ սփիւռքի երկու հատուածներուն միջեւ գրեթէ որեւէ կապ գոյութիւն չունի: Երկու հատուածներն ալ ամէն մէկը ինքն իր վրայ պարփակուած է։ Հակառակ, որ ենթամշակութային տարբերութիւնները կ’արդարացնեն այս մէկը, կարեւոր է ստեղծել միացնող կապեր։

Վճռական հարց է նոր սփիւռքին համարկումը իրենց ընկերութիւններուն մէջ եւ անոնց ընկերատնտեսական զարգացումը: Առ օրինակ, նոր սփիւռքի մէջ համալսարանական ուսանողներուն քանակը շատ նօսր է:
Որո՞ւ լուսարձակին տակ են հայաստանցի սփիւռքահայերը:
Ո՞վ պիտի ստանձնէ այս մարտահրաւէրը։

Ներկայ նախաձեռնութիւնները

«DiasporArm»-ը ներկայիս ունի երկու նախաձեռնութիւն.

  1. Սփիւռքի քարտէսագրումը, որուն նպատակն է ուսումնասիրել, հանրայնացնել եւ ընդլայնել՝ անհատներուն, կազմակերպութիւններուն եւ ձեռնարկութիւններուն ազդեցութիւնը: Մենք կը մշակենք կեդրոնացուած հարթակ մը, որուն վրայ օգտատէրերը դիւրաւ կրնան գտնել եւ կապուիլ աշխարհի շուրջ գտնուող այլ հայերու, հաստատութիւններու եւ մասնագէտներու հետ: Այս հարթակին տիրոյթէն ներս 4 անգամ սեղմելով օգտատէրերը կրնան ստանալ իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները: Հայ համայնքը կը բաժնուի 12 ուղղութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան, եւ առողջապահութեան։
    Հարթակին յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ տուեալներուն որակէն ու մասնայատկութենէն:
  2. Սփիւռքահայ համահայկական հարթակներու հիմնում. Ֆրանսայի 600 հազարանոց հրեայ համայնքին Միացեալ հրէական ընկերային հիմնադրամը 60 հազար անդամ ունի: Անդամավճարները կը կազմեն 12 միլիոն եւրոյ, Ֆրանսայի կառավարութիւնն ալ, իր կարգին, կ’ամբողջացնէ զայն յաւելեալ 12 միլիոն եւրոյով, որուն արդիւնքը կը դառնայ կրթութեան, կրթաթոշակներու եւ համայնքային կարիքները հոգալու համար նախատեսուած 24 միլիոն եւրոյ պիւտճէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Հիլէլ» հրէական ուսանողական ընկերակցութիւնը, Նոր տարուան ընթրիքի մը ընթացքին, հանգանակած է 100 միլիոն տոլար՝ միայն ուսանողական ու կրթաթոշակային ծախսերը հոգալու համար։

Արդիւնքը այն է, որ հայերը ցայսօր ունեցած են երկու Նոպէլեան մրցանակակիր, մինչդեռ հրեաները ունեցած են 221 մրցանակակիր։ Մենք պէտք է դուրս գանք մեր կարծրատիպէն եւ նախապաշարումէն, որ հրեաները այսպիսի արդիւնքներու կը հասնին իրենց քաղաքական կապերուն շնորհիւ: Անոնք պարզապէս ներդրում կը կատարեն կրթութեան մէջ։

Մենք կը քաջալերենք նման հարթակներու ստեղծումը՝ համայնքներուն տիրութիւնը ստանձնելու համար:

Մենք պէտք է համակերպինք նաեւ ներկայ իրավիճակին. Արեւմուտքի մէջ սփռուած մեր սփիւռքի եւ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ գրեթէ գոյութիւն չունեցող վարժարաններու շրջածիրէն ներս՝ ունինք առցանց կրթութեան հնարաւորութիւններ, որոնք աւելի արդիւնաւէտ են եւ շատ աւելի հասանելի:

Առաջնորդելու կոչ

Սփիւռքի մէջ ունինք բացառիկ հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ ՀԲԸՄ-ը, ԱՀԱԸ-ը, Յովնանեանը, ՀՕՖ-ը, ՀՕՄ-ը, ԱՄՆ-ի ԱՀՀ-ը, Ռուսիո ԱՀՀ-ը, Համազգայինը, Կիւլպէնկեանը, ՔՈԱՖ-ը, «Թումօ» կեդրոնը, Իզմիրլյանը, Փարոսը, Թուֆենկյանը եւ այլն: Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր նպատակներն ու առաքելութիւնը, որ պէտք է շարունակէ: Սակայն կան ծանրութիւններ, որոնք առանձին կարելի չէ վերցնել, եւ որնոնք կը պահանջեն հաւաքական ջանքեր։ Անհրաժեշտ է, որ այս կազմակերպութիւնները համախմբուին եւ համագործակցին:

Մենք մարտահրաւէր ունինք. բարձրացնել մեր ժողովուրդին կրթական մակարդակը: Անհրաժեշտ է համագործակցիլ թէ՛ իրարու հետ, թէ՛ կառավարութեան հետ: Մեր ցանկութիւնն ու առաքելութիւնն է այս կապերը հաստատել ու միասնաբար աշխատիլ՝ մեր ձգտումներուն հասնելու համար: Այսօր, «CivilNet»-ի հարթակով իմ կոչս այն է, որ կազմակերպութիւններն ու կառավարութիւնը համախմբուին եւ միասնաբար դիմագրաւեն այս մարտահրաւէրը:

Յովէլ Շնորհօքեան

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *