Ի՛նչ կը բանակցէին, եւ ի՛նչ կը պահանջէր միջազգային համայնքը Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն առաջ

Պետական բաժանմունքի գաղտնազերծած փաստաթուղթերը

Ստորեւ քաղուածքներ բերուած են «Ազատութիւն» լրատուական կայանի «Տէր-Պետրոսեանի 1997 թու ի հրաժարականը» յօդուածէն` ներառեալ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի խորաթափանց փաստաթուղթերը։
Վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը կու գան հաստատելու, որ 2020-ի պատերազմը պարտուաթեան մատնուած էր 1997-ին` մէկ անձի անխոհեմութեան պատճառաւ, որ ցայսօր լուսանցքէ ներս կը պահէր Հայաստանը։
Իսկապէս, եթէ խաղաղութիւն ձեռք բերուէր 1997 թուին, այսօր Հայաստանը կ’ըլլար ուժանիւթային խողովակաշարերու խաչմերուկ մը՝ բոլորովին այլ տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական մակարդակով։

Ուղիղ 25 տարի առաջ՝ փետրուար 3-ին, անկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը իր հրաժարականը ներկայացուց` արձանագրելով, որ իր առջեւ դրուած է նման պահանջ՝ յայտնի ուժերուն կողմէ:

Փաստացի, Արցախեան խնդրոյ շուրջ բանակցային գործընթացը սկսած էր աշխուժանալ Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն մէկ տարի առաջ` 1997-ին: Անոր նպաստող երկու գործօն կար. նախ՝ Ատրպէճանը սկսած էր առաջին պայմանագիրները կնքելու վառելանիւթի եւ քարիւղի խողովակներ տեղակայելու շուրջ, եւ Արեւմուտքը շահագրգիռ էր, որ տարածաշրջանէն ներս կայունութիւն ու խաղաղութիւն հաստատուէր: միւս կողմէ՝ այդ տարուան յունուարին կազմուած էր նոր ձեւաչափ մը` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի համանախագահութիւնը: Ինչպէս Պետական բաժանմունքի դիւանագիտական հեռագիրները կը վկայեն, այդ փուլին բոլոր՝ երեք կողմերուն շահերէն կը բխէր կարգաւորել այս հարցն ու անորմով իսկ ցոյց տալ, որ Արեւմուտքն ու Ռուսիան կրնան համագործակցիլ եւ նպաստել Եւրոպայի խաղաղութեան:

Փետրուարին, Ամերիկայի պետական փոխքարտուղար Սթրոպ Թալպոթը կը հանդիպի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Արզումանեանի հետ եւ կը խնդրէ փոխանցել նախագահ Տէր-Պետրոսեանին, որ Արցախեան հարցով այլեւս կը զբաղին երեք գերտէրութիւններ, եւ այս փաստը պէտք չէ անտեսել։
Բոլոր՝ երեք կողմերն ալ կ՚ընդգծեն, որ պատրաստ են հանդէս գալու մէկ ճակատով եւ աշխուժացնելու ճնշումները, որպէսզի կողմերը զիջումներ կատարեն: Կ՚որոշուի հարցը ներառել անկէ մէկ ամիս անց՝ ապրիլին Հելսինքիի մէջ կայանալիք Ելցին-Քլինթոն հանդիպման օրակարգին վրայ։ Նիւթը կը բանայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աշխատանքային ճաշի ժամանակ:

Անկէ երկու շաբաթ անց, երեք միջնորդները կը հանդիպին Ուաշինկթոնի մէջ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը համատեղեն իրենց գաղափարները` կազմելով մէկ միասնական փաստաթուղթ:
Օրեր անց, համատեղ այդ փաստաթուղթը կը քննարկուի եւ կ'ընդունուի նախագահներու մակարդակով` Քլինթոնի, Ելցինի ու Շիրակի փարիզեան հանդիպման ժամանակ:

Մայիսի վերջը, արդէն միջնորդները այդ փաստաթուղթը, որ յետոյ յայտնի դարձաւ որպէս փաթեթային տարբերակ, կը բերեն տարածաշրջան: Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման առաջին րոպէներէն մինչեւ վերջին պահը բանագնացները միեւնոյն միտքը կ'ընդգծեն՝ իրենք միասնական եւ լուրջ տրամադրուած են:
«Երեք երկրները՝ նախագահներէն սկսեալ մինչեւ անոնց կառավարութիւններ, ամենայն պատասխանատուութեամբ տքնաջան աշխատած են՝ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու համար», - ըստ գաղտնազերծուած փաստաթուղթին կ՚ըսէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղարը Տէր-Պետրոսեանին՝ ընդգծելով, որ «միջազգային համայնքը կ՚ակնկալէ, որ կողմերը իրենց ջանքերու պատշաճ լրջութեամբ արձագանգեն»:

Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի առաջնորդները, իրենց հերթին, այդ օրերուն Տենուէրի մէջ` «Մեծ ութնեակի» գագաթնաժողովին, առաջին համատեղ յայտարարութիւնը կ՚ընդունին Արցախի վերաբերեալ:
«Զինադադարը ինքնին բաւարար չէ: Միջազգային հանրութիւնը կը յորդորէ հասնիլ վերջնական կարգաւորման, եւ մենք համոզուած ենք, որ տարածաշրջանէն ներս կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատումը պէտք չէ ձգձգուի», - յայտարարած էին Ելցինը, Քլինթոնը եւ Շիրակը:
Տենուէրի մէջ, հանդիպելով պետական քարտուղար Օլպրայթին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ կ՚առաջարկէ սպառնալիքներ ու պատժամիջոցներ կիրառել․ «Դո՛ւք, ամերիկացինե՛րդ, կրնաք բան մը ընել ատրպէճանցիներուն հետ` որպէս լծակ օգտագործելով քարիւղը: Կրնաք ըսել, որ եթէ խնդիրը չլուծուի, պիտի չքաջալերէք ձեր ընկերութիւններուն՝ օգնելու Ատրպէճանին քարիւղի արդիւնահանման հարցին մէջ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, մենք զէնքը կ՚օգտագործենք որպէս լծակ, այլ կերպ ըսած` Ռուսիան կրնայ սպառնալ Հայաստանին, թէ զէնք պիտի չտայ, իսկ դուք կրնաք քարիւղի գործօնը յառաջ մղել»:

Հակառակ այս զգուշացումներուն` Ստեփանակերտն ու Պաքուն կտրականապէս կը մերժեն փաթեթային տարբերակը: Շուրջ երկու ամիս ետք, համանախագահները կը ներկայացնեն նոր` փուլային տարբերակը, որուն հիմքը կը շարունակեն մնալ միեւնոյն սկզբունքները, բայց կ՚ընտրուի իրականացման, այսպէս ըսած, երկարաձգուած տարբերակը: Մասնաւորապէս, եթէ առաջինը` փաթեթայինը, կ՚ենթադրէր, որ տարածքներու վերադարձն ու կարգավիճակին որոշումը պէտք է կատարուին միաժամանակ, ապա հիմա միջնորդները կ՚առաջարկեն նախ ազատագրել տարածքները, վերադարձնել փախստականները, ապահովել Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնակառավարումը, ապա` անդրադառնալ Ատրպէճանի տարածքային ամբողջականութեան ու Արցախի կարգավիճակի հարցին:

Համանախագահներուն հետեւողական այս ջանքերուն լոյսին ներքոյ՝ Հայաստանի նախագահը սեպտեմբերին ասուլիս կը հրաւիրէ եւ կ՚արձանագրէ, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է հայկական կողմին համար ընդդիմանալ միջազգային հանրութեան կամքին. «Ի՞նչ կը կարծէք, միջազգային հանրութիւնը թոյլ պիտի տայ, որ 20 կամ 30 տարի պահպանուի՞ այս վիճակը։ Ատիկա բացառուած է, եւ միջազգային հանրութիւնը կը գտնէ միջոցներ՝ այնքան խեղճացնելու մեզ, որ ոչ միայն չկարենանք ձեռք բերել այն, ինչ այսօր կրնանք ձեռք բերել փոխզիջումներու ճանապարհով, այլեւ շատ աւելի վատ վիճակի մէջ իյնանք»։
Տէր-Պետրոսեանի ասուլիսէն ետք, միջնորդները կը սկսին քննարկել` ինչպէ՛ս համոզել Ստեփանակերտը: Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրակը հոկտեմբերին, Ստրազպուրկի մէջ, հանդիպելով Հայաստանի նախագահին, կ՚առաջարկէ վարչապետ դարձած Քոչարեանն ու միւս ազդեցիկ արցախցիները հրաւիրել Փարիզ:

«Նպատակն է ճնշում գործադրել, որպէսզի հակամարտող կողմերը համաձայնութեան գան: Յետոյ Քոչարեանը կրնայ հրաւիրուիլ Մոսկուա, ապա` Նոր Եօրք, ուր եւս անոր միեւնոյն բանը կ՚ըսուի», - ըստ Պետական բաժանմունքի գաղտնազերծած փաստաթուղթերուն՝ առաջարկած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց փոխնախարարը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղարին:
Գաղափարը, սակայն, որեւէ արդիւնք չի տար: Քոչարեանի այցելութենէն ետք Ֆրանսայի արտաքին գործոց փոխնախարարը գաղտնի հեռագրով մը կը փոխանցէ Ուաշինկթոն. «Չյաջողեցանք որեւէ իրական փոփոխութեան հասնելու Քոչարեանի դիրքորոշումներուն մէջ, եւ մենք բանակցութիւններ սկսելու որեւէ իրական հեռանկար չենք տեսներ»:

Փորձելով բացատրել միջազգային համայնքը կտրուկ մերժելու այդ երեւոյթը` միջնորդները անգամ կ՚ենթադրեն, թէ գուցէ Տէր-Պետրոսեանն ու Քոչարեանը համաձայնեցուած խաղ մը կը խաղան․ մէկը կը մերժէ միջնորդները, միւսը` կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է փոխզիջումներու:
Դիւանագէտները կ՚որոշեն մի քանի օրէն կրկին հանդիպիլ Փարիզի մէջ: Մինչ այդ՝ Փրիմաքով-Թալպոթ այս զրոյցէն երկու շաբաթ անց, Տէր-Պետրոսեանը հրաժարականը կու տայ։
«Զերծ կը մնամ որեւէ մեկնաբանութենէ կամ գնահատականէ՝ իրադրութիւնը չսրելու նպատակաւ։ Միայն հարկ կը համարեմ նշել, որ իշխանութեան ճգնաժամին մէջ Արցախի հարցին արծարծումն ընդամէնը պատրուակ էր։ Խնդիրը շատ աւելի խոր է եւ կապուած է պետականութեան հիմնադրոյթներու, խաղաղութեան ու պատերազմի այլընտրանքին հետ։ Իսկ կեանքը ցոյց կու տայ, թէ ո՛վ ի՛նչ ըրած է Արցախի համար, եւ ո՛վ իրականութեան մէջ կը ծախէ զայն», - իր խօսքին մէջ կը նշէ առաջին նախագահը։

Այդ օրերուն սեղանին վրայ դրուած տարբերակը կ՚առաջարկէր դուրս բերել հայկական ուժերը գրաւեալ տարածքներէն` բացառութեամբ Բերձորին, կողմերուն միջեւ ստեղծել բաժանարար գիծ մը` չէզոք գօտի, որ ամբողջութեամբ պիտի մնար չբնակեցուած եւ ԵԱՀԿ ուժերուն հսկողութեան տակ: Բերձորի միջանցքը պիտի ըլլար ոչ թէ այսօրուայ պէս՝ 5, այլ` 22 քիլոմեթր, եւ Ատրպէճանը զայն վարձակալութեան պիտի տար ԵԱՀԿ-ին, որ իր հերթին, պէտք է օգտագործման յանձնէր Արցախի իշխանութիւններուն:
Արցախը պիտի ունենար իր սեփական դրօշը, զինանշանը, օրհներգը եւ Սահմանադրութիւնը: Քաղաքացիները կրնային զինուորական ծառայութիւնը իրականացնել Արցախի տարածքէն ներս, իսկ Ատրպէճանի բանակը, անվտանգութեան ուժերն ու ոստիկանութիւնը իրաւունք պիտի չունենային մտնելու Արցախ՝ առանց տեղական իշխանութիւններու թոյլտուութեան: Ստեփանակերտը նաեւ իրաւունք պիտի ստանար արտաքին կապեր հաստատելու օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ՝ տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան ու մարդասիրական հարցերու ոլորտներէն ներս: Այս քայլերէն ետք՝ յաջորդ փուլին, կ՚առաջարկուէր անցնիլ կարգավիճակի յստակացման: Մինչ այդ, միջազգային համայնքը կը խոստանար խաղաղապահ ուժեր տեղակայել՝ դառնալով անվտանգութեան երաշխաւոր:

Դիւանագիտական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ հարցին շուրջ դռնփակ բանակցութիւններուն միջնորդները շարունակ ընդգծած են, որ ասիկա լաւագոյնն է, որ անցած է իրենց մտքով, եւ լաւագոյնը, որ իրենք կրնան առաջարկել կողմերուն: Զուգահեռաբար, գերտէրութիւնները կը զգուշացնէին հայկական կողմին, որ չլուծելով հարցը՝ Հայաստանը կը կորսնցնէ զարգացման ու բարգաւաճման իր հնարաւորութիւնները:
«1997-ն վառելանիւթի խողովակներու եւ փոխադրամիջոցային գծերու հարցով որոշում կայացնելու տարի է։ Եթէ հայկական կողմը չկարենայ մասնակցիլ տարածաշրջանային զարգացումներուն, ատիկա սուղի պիտի նայի Հայաստանին համար, ինչ որ ոեւէ մէկուն շահերէն չի բխիր», - ամիսներ առաջ զգուշացուցած էր Ամերիկայի Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ճէյմզ Քոլինզը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին։
Պետական փոխքարտուղար Սրթոպ Թալպոթն ալ ընդգծած էր, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը ուժանիւթային ծրագիրներուն ու տարածաշրջանային նախագծերուն կախեալ է Արցախեան խնդրին կարգաւորումէն:

Առաջին նախագահին հրաժարականէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ, Հայաստանի բոլոր՝ երեք առաջնորդները որդեգրեցին հաստատեալ կարգավիճակը պահելու քաղաքականութիւնը: Բոլոր երեքն ալ իրենց իշխանութեան տարբեր շրջաններուն Տէր-Պետրոսեանը մեղադրեցին պարտուողականութեան ու դաւաճանութեան մէջ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *