Search
Close this search box.

Արմենիա Սակրա

Շուտով Փարիզի եւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրուի ֆրանսահայ բեմադրիչ Նարեկ Ոսկանեանի «Armenia Sacra» 65 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ֆիլմը: Ներկայս «Treasures of Armenia»-էն ետք բեմադրիչին խաղարկային տեւողութեամբ երկրորդ վաւերագրական ֆիլմն է:

Ֆիլմի հիմնական թեման հայ միջնադարեան ճարտարապետութիւնն է. եկեղեցիներ, վանքեր, ամրոցներ եւ անոնց պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բնութիւնը: Յուշարձաններու եւ եկեղեցիներու պատմութիւնը մանրամասնօրէն կը ներկայացուի ֆրանսացի օփերային երգիչ Մարիօ Հաքուարտի կողմէ: Եկեղեցիներէն, վանքերէն ու ամրոցներէն շատերը, որոնք նկարահանուած են Արցախի մէջ, այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Արդարեւ, ֆիլմը կը ներկայացնէ բացառիկ ու վերջին անգամ վաւերագրուած տեսարաններ:

Երկնքէն ու գետնէն նկարահանուած ֆիլմը նպատակ ունի հայերն ու օտար հանդիսատեսները ընտելացնելու Հայաստանի մշակոյթին, բնութեան ու պատմութեան: Յայտնի հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահեթ բացառիկ հարցազրոյց մը կու տայ ֆիլմին մէջ:

Ըլլալով արուեստագէտ եւ մասնագիտութեամբ լուսանկարիչ՝ հեղինակը ֆիլմին տուած է կախարդութեան զգացողութիւն՝ գերազանց ու ստեղծագործ նկարահանման շնորհիւ: Ֆիլմը ֆրանսերէն է եւ շուտով պիտի թարգմանուի հայերէն:

Բեմադրիչ Նարեկ Ոսկանեան հեղինակ է բազմաթիւ վաւերագրական ֆիլմերու, տեսանիւթերու եւ հեռուստատեսային նախագիծերու: Միջնակարգ կրթութիւնը ստանալով Ուարշաւայի մէջ՝ Նարեկ լուսանկարչութիւն սորված է Փարիզի կերպարուեստի ազգային հեղինակաւոր դպրոցէն ներս: Ան կը զբաղի նաեւ նկարչութեամբ: Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ:

Ֆիլմի արտադրիչը՝ Նարէ Թադեւոսեան, հաղորդավար է եւ բազմաթիւ հեռուստատեսային նախագիծերու տնօրէն, անկախ արտադրիչ: Ան Նարեկի հետ միասին հիմնած է «Arménie Info» համացանցային հեռուստակայանը:

«Armenia Sacra»-ի արտադրիչը պատրաստ է ցուցադրելու ֆիլմը տարբեր երկիրներու մէջ՝ գործակցութեամբ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու եւ/կամ դեսպանատուներու՝ Հայաստանը, Արցախը, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը օտարներուն եւս ծանօթացնելու համար:

Կապ հաստատեցէք մեզի հետ՝ ֆիլմի ցուցադրութեան հետ կապուած որեւէ առաջարկի համար:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like