«Աղետի եզրին». հալածեալ հայերուն գունաւոր լուսանկարները Օսմանեան կայսրութեան մէջ (հեղինակը՝ Ամոս Չափլ)

Աշխարհի ամէնէն վաղ գունաւոր լուսանկարողներէն երկուքը առանձին-առանձին փաստագրած են Օսմանեան կայսրութեան բնիկ հայերը՝ աւելի քան մէկ դար առաջ, փոքրամասնութեան ոչնչացման նախօրէին:

1. Խումբ մը բնիկ հայ երեխաներու լուսանկարը՝ այսօրուան Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ, նկարած է ֆրանսացի լուսանկարիչ Ստեֆան Փասէն՝ 1912 թուականի սեպտեմբերին:

2. Բնիկ հայերով լեցուն ամէնէն նշանաւոր քաղաքի՝ Արտուինի լուսանկարը, նկարած է Փրոքուտին Կորսքին՝ 1912 թուականի ապրիլին։
Փրոքուտին Կորսքին ռուս ցարին աջակցութեամբ տարիներու վրայ երկարող առաքելութեան մը մէջ էր՝ լուսանկարելու Ռուսական կայսրութիւնը, գործածելով վաղ գունաւոր լուսանկարչական մեքենայ:

3. Հայ կանանց եւ աղջկանց լուսանկարը՝ այսօրուան Պոլիս քաղաքին մէջ, նկարած է Փասէն՝ 1912 թուականին:
Փասէն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կը գտնուէր՝ «Երկրագունդի արխիւը» նախագծի շրջանակէն ներս՝ վաւերագրելու համար աշխարհը, գործածելով ֆրանսական վաղ գունաւոր լուսանկարչական մեքենայ:

4. Ethnic Armenian prisoners of war guarded by Serbian soldiers in Belgrade’s Kalemagdan Fortress in 1913. The Armenians had probably been fighting for the Ottoman Army during the first Balkan War in which Ottoman Turkey lost most of its European territory to an alliance of the Christian kingdoms of Bulgaria, Serbia, Greece, and Montenegro.

5. Զմիւռնիոյ աւերուած հայկական թաղամասը, 1922:
Զմիւռնիոյ աւերման ժամանակ՝ սպանուեցան քաղաքի հազարաւոր հայ եւ յոյն բնակիչները։ Թրքական աղբիւրները պնդեցին, որ հայերն ու յոյները իրենք բռնկած էին հրդեհը՝ արատաւորելու թրքական բանակին հեղինակութիւնը։
Այսօր, Թուրքիոյ մէջ մնացած են ընդամէնը մի քանի տասնեակ հազար քրիստոնեայ հայեր։

Նոր Զելանտայի մէջ ծնած լուսանկարիչ եւ լուսանկարներու հետազօտող Ամոս Չափլը առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն ունի նախկին ԽԸՀՄ նկատմամբ:

https://www.rferl.org/a/armenians-ottoman-turkey-color-photos/32172786.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like