Search
Close this search box.

Կանգնիր Հայաստանի կողքին

Փարիզցի բժիշկ, փրոֆեսոր, «Santé Arménie»՝ Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին նպաստող կազմակերպութեան հիմնադիր՝ դոկտոր Արսէն Մեքինեանը, «G2IA»՝ Ֆրանսահայ մասնագէտներու խումբի նախագահ Ֆիլիփ Փուի հետ հիմնած են «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» խումբերը՝ «Discord»-ի եւ «WhatsApp»-ի վրայ։ Հաւաքած ըլլալով իրազեկուած անձնակազմ մը՝ անոնք կը համակարգեն հարիւրաւոր մասնակիցներ ընկերային ցանցերուն վրայ:

Անդամները հետեւողականօրէն նիւթեր կը հրապարակեն «Twitter»-ի վրայ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ անհատապէս գրառումներ կը յղեն լրագրողներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, պատգամաւորներուն եւ ծերակուտականներուն՝ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ: «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» նախաձեռնութեան համակարգուած թուիթէրեան հրապարակումներն ու վերահրապարակումները կ՚ազդեն հրամանաշարերուն վրայ, որպէսզի գրութիւնը աւելի մեծ լսարաններու հասնի: Անոնց բարեխիղճ աշխատանքը կը մեծցնէ իր հասանելիութիւնը, որ արդէն իսկ զգալի է: Վանդականիշերը, ինչպիսին է օրինակ #ատրպէճանականյարձակողականութիւն-ը, մէկ օրուան մէջ հազարաւոր թուիթէրեան վերահրապարակումներ ունեցաւ. #Արցախ վանդականիշը յաճախ կիրառուող դարձած է Ֆրանսայի մէջ: Մենք կը կարծենք, որ «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» նախաձեռնութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ֆրանսական լրատուամիջոցներուն վրայ, որոնք լայնօրէն կը լուսաբանեն Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ ֆրանսացի քաղաքական գործիչները հայաստանամէտ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան:

«DiasporArm»-ը պիտի հիմնուի «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» նախաձեռնութեան վրայ՝ համախմբելով գոյութիւն ունեցող խումբերը մէկ ծածքի տակ՝ համակարգուած ռազմավարութեամբ, եւ տարբեր երկրներու առաջնորդներու մասնակցութեամբ, դաշինք պիտի կազմէ բովանդակային ընդհանրութեան հիմքով եւ ճկունութեամբ՝ յարմարելով իւրաքանչիւր երկրի, մշակոյթի, եւ լեզուի հետ:

Որպէս առաջին քայլ, «DiasporArm»-ը՝ Գերմանիոյ հայկական խորհուրդը (ZAD) կապի մէջ դրաւ «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» նախաձեռնութեան հետ, որ արդէն իսկ աշխուժ է: Յաջորդիւ՝ նաեւ այլ երկրներու համայնքային կազմակերպութիւնները:

Հայաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցանք նաեւ «Մենք» ֆէյսպուքեան խումբի հիմնադիր Սէյրան Եայլախանեանի հետ: Խումբը ունի աւելի քան 72 հազար անդամ: Անիկա դրամական միջոցներ կը հանգանակէ այնպիսի առաքելութիւններու համար, ինչպիսին են առողջապահութիւնը, զինուորական ծառայութիւնը եւ այլն: Մենք կապի մէջ պիտի դնենք անոնց հայաստանեան գործունէութիւնը՝ սփիւռքի մէջ գործող խումբերու հետ, ինչպիսին են «Կանգնիր Հայաստանի կողքին»-ը, որպէսզի համաշխարհային մակարդակով՝ փոխադարձ աջակցութեամբ գործունէութիւն ծաւալեն:

Մենք յաճախ կը լսենք հիասթափութեան մասին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ առ այն, որ գործելու զօրաւոր կոչ չկայ. մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգնել կամ իրենց մասնակցութիւնը բերել: Ատիկա հետեւանքն է վստահելի եւ վճռական ղեկավարութեան բացակայութեան: Հետեւողական գործունէութեամբ այս դաշնութեան ստեղծումը կրնայ համախմբող գործողութեան ուժ մը հանդիսանալ համաշխարհային հայ համայնքին համար։

«WhatsApp»-ի խումբին ամէնօրեայ գործողութիւններուն միանալու, «Կանգնիր Հայաստանի կողքին» նախաձեռնութեան հետ կապ հաստատելու, եւ այլ գործուն խմբերուն առաջարկելու համար՝ հաճեցէ՛ք դիմել «tsoleen@diasporarm.org» հասցէին։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like