"Երեք հայկական վանքեր.
Քրէյմի Սուրբ Փրկիչ վանքը

Ղոստա գիւղին մէջ գտնուող Քրէյմի Սուրբ Փրկիչ վանքը, ինչպէս նաեւ Տանն Խոշպաւոյի եւ Զմմառու վանքերը կը համարուին ճարտարապետական մեծ հարստութիւններ եւ կը ներկայացնեն Լիբանանի հայկական ժառանգութեան երեք մեծագոյն վկայութիւնները:

Հայ կաթողիկէ առաջին վանքերը կը թուագրուին 18-րդ դարու սկզբին։ Ատոնց շարքին են Մխիթարեան հայրերուն հիմնած Վենետիկի Սուրբ Ղազարու վանքը, եւ հայ Անտոնեանց վանականներուն հիմնած Քեսրովանի վանքը։ Երկու փորձառութիւններն ալ պտղաբեր էին, որովհետեւ Վենետիկեանը ստեղծեց հայկական ամէնէն մեծ գրադարանը, իսկ Քեսրովանեանը՝ արտադրեց ճարտարապետական հսկայական նշանակութիւն ունեցող երեք վանքեր, ներառեալ՝ արժէքաւոր գրադարան մը: Լիբանանի հայկական ժառանգութեան երեք վկայութիւնները կը հանդիսանան Սուրբ Փրկիչ վանքն ու Տանն Խոշպաւոյի եւ Զմմառու վանքերը:

Լիբանանի մէջ հայ կաթողիկէ երեք վանքերէն առաջինը հիմնուած է 1720 թուին՝ Ղոստայի նահանգի Քրէյմի հովիտին մէջ գտնուող հին մետաքսի գործարանի տարածքին։ «Հաւատոյ քարոզչութեան միաբանութեան» եւ մարոնի պատրիարք Յակոբ Աւատի միջեւ բանակցութիւններէն ետք, Քեսրովանի խազէն տոհմը Քրէյմի մետաքսի գործարանին շէնքերը շնորհեց նորաստեղծ Անտոնեանց միաբանութեան։ Քրէյմը ասորական ծագում ունեցող բառ մըն է, որ կը նշանակէ խաղողի այգի։ խաղողի այգիներով եւ սոճիի ծառերով շրջապատուած շէնքը բաղկացած է մէկ ընդհանուր շինութենէ՝ ներառեալ եկեղեցւոյ նաւը։

Վանքին շինարարութիւնը սկիզբ առած է 1723 թուին, իսկ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը՝ 1726 թուին։ Ընդհանուր շինութիւնը ոսկեայ տեսք մը ունի՝ շնորհիւ Ղոստային բնորոշ խորդուբորդ քարին, որ բաղկացած է սրճագոյն եւ ճերմակ քարերու խառնուրդէ։

https://icibeyrouth.com/liban/131585

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like