«Յովէլ, չ'ըլլար. Շա՛տ դրդիչ են գրութիւններդ. Այդքա՛ն կուսակցութիւններ, այդքա՛ն կազմակերպութիւններ կան. Կացութիւնը այնպէս կը նկարագրես, կ'արծես թէ եղած բան մը չկայ, մարդ չկայ, աշխատող չկայ: Չե՛ս կրնար մարդիկ այպանել, ամէնուն գործը անտեսել, զէրոյի հանել: Ճիշդ չէ:»
Կը խնդրեմ Ալէքս ճան, ներողամիտ գտնուիր, չէի ուզէր ոևէ մէկը վիրաւորել: Սակայն մէյ մը նայինք ու՞ր կեցած ենք, ու՞ր կ՛երթանք:
Որպէս օրինակ նկատի առնենք մեր դպրոցներու կացութիւնը:
Տարիներ շարունակ, աշխատած եմ դպրոցներու ծնողաց միութիւններու ծիրեն ներս: Նախ Սամուէլ Մուրատ, ապա Դպրոցասէր վարժարանի: Ֆրանսայի մէջ ունինք գաղութ՝ օժտուած արժէքաւոր, կարող, ունեւոր անհատներով, մինչ մեր դպրոցները կը մնան խեղճ՝ կազմակերպութեամբ եւ միջոցներով: Ու՞ր է սխալը:
Վերջերս, կը սերտէի Ֆրանսայի «Հրէական Միացեալ Ընկերային Հիմնադրամ» կազմակերպութեան կառոյցն ու օրէնսդրութիւնը:
Կազմակերպութիւնը ունի 40 000 գրանցուած անդամ եւ տարեկան 24 միլիոն Եւրոյի պիւտճէ:
Կազմակերպութեան գլխաւոր առաքելութիւնը ղեկավարել է Ֆրանսայի Հրէական դպրոցները, դպրոցներ՝ որոնց աշակերտութեան թիւը 1950 թուականէն 2015 անցած է 400 էն 32045 ի:
Փնտռեցի հայկական կազմակերպութիւն մը, որ ունենայ տուեալներ, չգտայ: Գլուխս պատէ պատ զարկի, աչ ձախ հեռաձայնեցի, թուղթ, մատիտ, հաշուիչ մեքենայ առի…, հասայ 1213 աշակերտի թիւի մը, իմ գիտցած Ֆրանսայի եօթը հայկական դպրոցներուն մէջ: 1213 –ի դէմ 32 045ի, գրեթէ նոյն ծաւալով գաղութներու դրութեամբ :
Հրէական կազմակերպութիւնը ունի համացանց(http://www.fsju.org/)ուրկէ քաղեցի վերոյիշեալ տէղեկութիւնները, ունի յստակ օրէնսդրութիւն, ժողովրդաւարական կառոյց, 228 անդամ ունեցող ընտրուած խորհրդաժողով, հոգաբարձու մարմին, ընտրուած նախագահ:
Ունի թափանցիկ հաշուագրութիւն: 40 000 գրանցուած անդամ: Մէկը կ'ուտայ տարեկան հարիւր Եւրո, միւսը հազար, ուրիշը տասը հազար: Թափանցիկ. Թափանցիկ. Թափանցիկ:
Դպրոցներու կողքին, Հրէական կազմակերպութիւնը կ'զբաղի Հրէաներու ընկերային եւ տնտեսական հարցերով, Հրէական դատը պաշտպանելով ֆրանսայի մէջ,
յարաբերութեամբ՝ Իսրայէլի պետութեան հետ, յարաբերութեամբ՝ Ֆրանսայի պետութեան հետ:
Կազմակերպուած, ժողովրդավարական, Ֆինանսաւորուած, թափանցիկ հաստատութիւն:
Հաշուեյարդար:
Ու՞ր կեցած ենք, ու՞ր կ՛երթանք:
Մինջ վերոյիշեալ տուեալներուն մասին կը խօսէի Պէյրութէն Վահէյին հետ, զիս ընդմիջեց ըսելով «Կը խնդրեմ Յովէլ, ինծի հրէաներուն օրինակը մի՛ բերեր: Անոնք իրենց հայրենիքը կ'ընդլայնեն, սպաննելով, բռնաբարելով, կողոպտելով խեղճ Պաղեստինցինեը. Մենք իրենցմէ դաս առնելու պէտք չ'ունինք»:
Լա՛ւ: Կը հասկնամ. Արաբական երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ենթակայ եղած են Արաբական բրոբականտին, քարոզչութեան: Ունինք նոյնիսկ արեւմուտքի հայրենակիցներ, որոնք տարբեր հովերէ տարուած, նախապաշարուած՝ թթւութիւն ցոյց կու տան: Կը Յուսամ սակայն որ ժամանակի ընթացքին, պիտի մեծնանք եւ պիտի բարձրանանք՝ հաւաքապէս: Մեծնանք, կարողանալ զանազանելու համար Հրեան՝ Իսրայէլի պետութենէն: Բարձրանանք, մեր մարդկային արժէքներու աստիճանաչափով, չ'զատորոշելու, չ'նախատելու ոեւէ անձ, իր ազգային, կրօնական, կամ ցեղային պատկանելիութեան համար:
Ուրիշներ դպրոց կը բանան, մենք կը գոցենք: Արդէն մարսեցինք անկիւնաքար Մելքոնեանը, պատմական Սեվր քաղաքի՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Սամուէլ Մուրատ վարժարանը, հիմնուած 1928 թւին: Անցեալ տարի, 2015 թուին՝ Լոս Անճէլըսի նման աճող գաղութի մէջ, փակեցինք նաեւ 34 տարոայ Արշակ Տիգրանեան դպրոցը: Հիմա՝ նոր կը լսեմ որ Փարիզի շրջանի Հրանդ Տինք Վարժարանը Վտանքուած է: Մարդը՝ հերոսը, ե՞րբ նահատակուեցաւ, ե՞րբ թաղեցինք, ե՞րբ իր անունով դպրոց շինեցինք որ հիմա ալ փակելու ելեր ենք:
Հաշուեյարդար:
Ու՞ր կեցած ենք, ու՞ր կ՛երթանք:
Մեծ Բանաստեղծը (1) ըսած է, «Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ, Օդի, ջուրի, հացի նման, Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան»: Կ’երեւի հաւատացեալ Բանաստեղծը (2) շատ աղօթէր է մեր Հպարտութեան համար, շա՜տ ունեցէր ենք:
Մեծնանք եւ բարձրանանք: Մեծնանք, կարենալ ընդունելու համար ուրիշին յատկութիւնները՝ իմաստութեամբ, առանց մեծամտութեան, առանց նախապաշարումներու: Մեծնանք՝ մեր խոնարհութեան մէջ:
Բարձրանա՛նք՝ մարդասիրութեամբ, դիտերլով մեր պորտէն անդին, «ուիրշին» ալ ձաւը զգալով, զգացուելով, ի դէմ Ուքրանացի զաւակը կորսնցուցած մօր մը ցաւին, Սուրիացիներու, Էրիդրէիցիներու տառապանքին, Տալով գէթ մէկ Եւրօ ի նպաստ «ուիրշին»: Ուիրշին՝ ո՛չ հային: Պոռթկալով անարդարութեան դէմ, այլուր ալ: Երուսաղէմ, Փարիզ եւ Ուոշինկթըն տեղի ունեցող Պաղեստինցիներու ի նպաստ ցոյցերուն, վստահաբար աւելի Հրեաներ կը մասնակցին գան Հայեր: Տգէտներ, նախապաշարուածներ պիտի ըսեն « Անոնք... »: Բարձրանանք: Դուրս գանք մեր նախապաշարումներէն: Բարձրանա՛նք, հպարտանալու համար նաեւ հայերով, որոնք հայրենասէրէ անդին, նաեւ մարդասէրներ են: Ֆրանսական մամուլի մէջ հանրածանոթ երգիծանկարիչ՝ Հովիվ, որ իր կեանքի վերջին տարիներուն հայկական նիւթեր ալ արծարծած է: Ներքեւի երգիծանկարին մէջ ան կ'անդրադառնայ հայու գոյատեւման տարփանքին, նոյնիսկ խառն ամուսնութեան պարագային:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, երգիծանկարչութեան մը մէջ յիշուած անունները կը զուգադիպին մեր զաւակներուն անուններուն:
Հովիվ, իր ուիր՛շ մէկ երգիծանկարչութեան մէջ, բաղդատական մը ընելով Հրեաներու հետ, հարց կու տայ թէ քանի հայեր Նոպելեան մրցանակի արժանացած են: Մեր խոկումին Վերադառնալով, հարց տանք թէ մեզի համար ո՞րքան առաջնահերթ է մեր զաւակներուն կրթութիւնը. մեր հաւաքական պիւտճէին ո՞ր տոկոսը կը յատկացնենք յաջորդ սերունդի ուսման, զարգացման, դաստիարակութեան համար: Մոռնանք թիւերը, մոռնանք հայեցի կրթութիւնը, հայապահպանումը: Տենչը ունի՞նք ունենալու դպրոցներ որոնք պիտի ջամբէն կրթութիւն, ուսում, հասցնեն փիլիսոփաներ, գիտնականներ, Նոպելեան մրցանակ խլող հայեր: Ե՞րբ պէտք է սերմանել, մէկ սերունդէն հնձելու համար:
Ճիշտ պիտի ըլլա՞ր մեղադրել մեր խեղճ դպրոցներու խեղճ հոգաբարցուները, որոնք իրենց առօրեայ գործէն ետք, իրենց ժամանակն ու հանգիստը զոհելով կերթան ժողովի, շաբաթ կիրակի դասարան կը ներկեն, բակ կը մաքրեն. Մեղադրել ինչո՞վ, իրենց միջակով բաւարարուելու՞ն, կամ իրենց միջոցներու չգոյութեան համար: Ո՞վ կը պատրաստէ մեր դպրոցներու կրթական ծրագիրը: Ի՞նչ մակարդակի ուսուցիչներ կը փափաքինք ունենալ եւ համապատասխան ի՞նչ աշխատավարձք կը բնորոշենք զանոնք գնահատելու, լաւաքոյնները հրապուրելու: Ու՞ր է դրամը, ու՞ր է կազմակերպութիւնը:
Այդքա՛ն կուսակցութիւններ, այդքա՛ն կազմակերպութիւններ:
Ալէքս ճան, գիտե՞ս, մեր հարցը ճիշդ հոն է: Շա՜տ ունինք: Շատ, բաժնող, հակասող, խաչացեւող կազմակերպութիւններ: Եթէ այս կազմակերպութեան, այս կուսակցութեան, այս յարանվանութեան, այս թէմին կը պատկանիս, միւսին չես կրնար պատկանիլ եւ հաւանաբար անոր դէմ ալ ես: Կը պայքարիս: «Հակա» ես:
Անտարակոյս, պէտք ունինք մեր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն, առանց որոնց ներկայիս գոյութիւն իսկ չէինք ունենար: Սակայն, միջազգայնութեան ձգտող աշխարհի մը մէջ, այսօր պէտք ունինք մէկ, միացեալ, ոչ քաղաքական, ֆինանսաւորուած Կազմակերպութեան մը: Ոչ թէ նոր Կազմակերպութեան մը, այլ միացեալ, միացնողի մը:
Վահէ ճան, կը ներէս, անձնապէս՝ հրէական կազմակերպութիւնը շատ կը սիրեմ, գէթ անունը -
Միացեալ – ոչ բաժնուած, ոչ բաժնող
Հրեական – ինքնութեան տէր
ընկերային – ոչ քաղաքական, ոչ կուսակցական, ոչ ալ եկեղեցական
հիմնադրամ – դրամ, դրամ, դրամ
Սիրելի՛ Վահէ, մենք հաստատ մեր արժէքները ունինք։ Բայց եւ այնպէս դեռ պէտք է սորվինք։
Մենք հատուկ արժանիքներ ունինք, սակայն պէտք է նաեւ սորվինք՝ ուրիշներէն սորվիլ: Կրթական ծրագրի կողքին, պէտք է նաեւ տնօրինել գաղութի ընկերային եւ տնտեսական հարցերը,
Դաշտը ընդարձակ է, Հունձքը իրապէս շատ, բայց աշխատողները քիչ,
Ժամանակը կանցնի,
Ժամանակը կանցնի,
Պէտք է աշխատիլ,
Պէտք է սկսիլ,
Սկսինք,
Պիտի սկսինք,
Շուտով...