Հայաստանի, Արցախի եւ Ճաւախքի ուսանողներուն Հայ կրթական հիմնադրամը տրամադրած է 1 միլիոն տոլար կրթանպաստ

Հայ կրթական հիմնադրամը 1 միլիոն տոլար կրթանպաստ տրամադրած է աւելի քան 1000 ուսանողներու: Ամենաշատ կրթանպաստները տրուած են Հայաստանի պետական ​​համալսարաններ յաճախող ուսանողներու, այդ կարգին՝ արցախեան պատերազմի 185 վեթերաններու եւ Ճաւախքի համալսարաններ յաճախող ուսանողներու: Բացի այդ՝ ՀԿՀ-ը կրթանպաստ ստացողներուն տրամադրած է նոթպուքեր՝ օգնելու անոնց ուսման: ՀԿՀ-ի երեւանեան գրասենեակը ստացած է որակաւորուած կրթանպաստի աւելի քան 1700 յայտ:

Կրթանպաստառուները ընտրուած են թուաբանական կաղապարի հիման վրայ, որ կը դասակարգէ ուսանողները՝ մեկնելով տարբեր չափանիշներէ, ինչպիսիք են՝ անոնց ընկերա-տնտեսական կարգավիճակը, մասնակցութիւնը արցախեան պատերազմին, ուսումնառութեան, ղեկավարութեան, համայնքի եւ զինուորական ծառայութեան մէջ ձեռքբերումները: ՀԿՀ կրթանպաստային ծրագիրը պարտական ​​է 150 բարերարներու առատաձեռնութեան, որոնք ամէն տարի կ'աջակցին 1-30 ուսանողի:

ՀԿՀ կրթանպաստ ստացողներէն կը պահանջուի կամաւոր ըլլալ եւ ներգրաւուիլ համայնքային ծառայութեան մէջ՝ օգնելու աւելի կարիքաւորներու: Հայ կրթական հիմնադրամը շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1950 թուականին՝ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ ուսանողներու։

Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2021/12/24/aef-awards-1-million-in-scholarships-to-students-in-armenia-artsakh-republic-and-javakhk/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *