Search
Close this search box.

200 տարի առաջ՝ Հռոմի պապը Բոլոնայի համալսարանին նուիրեց հայկական միջնադարեան մատեան մը

Բոլոնայի համալսարանը հիմնուած է 1077 թուականին: Անիկա Եւրոպայի ամէնէն հին համալսարանն է, ունի հայագիտութեան ամբիոն մը, որ կը ղեկավարէ փրոֆեսոր Աննա Շիրինեանը։
«Հայաստան՝ հազարամեակներու երկիր» գիտաժողովին ընթացքին՝ բանասէր Խաչիկ Յարութիւնեանը ելոյթ ունեցաւ հայ Երուսաղէմի եւ Բոլոնայի համալսարանը պահուող հայկական եզակի ձեռագիր աւետարանին մասին։
Յարութիւնեանը նշած է, որ «Երուսաղէմի հայ համայնքը մեր համայնքներէն ամէնէն հինն է, եւ կարեւոր է, որ այս հայագիտական կեդրոնէն ներս խօսուի անոր պատմութեան մասին»։
Համալսարանը պահուող 17-րդ դարուն թուագրեալ հայերէն ձեռագիր մատեանը կը պատկանի Պոլիսեան դպրոցին, ունի հոյակապ նկարազարդումներ: 200 տարի առաջ զայն համալսարանին նուիրած էր Հռոմի Բենեդիկտոս ԺԴ. պապը:

http://bit.ly/3MnkIsx

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *