Orion Worldwide Innovations-ի աջակցութեամբ զանազան հայկական սթարթափներ ստացան ընդհանուր առմամբ 27 միլիոն տոլարի ներդրումներ՝ որպէս խթան իրենց ընկերութիւններուն բարգաւաճման: Ներդրումային գումարը ստացուած է ԱՄՆ, Եւրոպա եւ աշխարհի տարբեր անկիւններ գործող ընկերութիւններէ, հրեշտակ ներդրողներէ եւ դրամահաւաքներէ: Եւս 20 միլիոն տոլարի գործարքներ այժմ կը չեղարկուին: Գումարը կը հաւաքուի SaaS-ի, Al-ի, HealthTech-ի եւ E-commerce-ի մէջ սթարթափներու համար:
Orion Worldwide Innovations-ը BAJ Accelerator-ի յառաջատար հիմահիմնադիրն է: Ան կ'ընդգրկէ 75 ընկերութիւն, որմէ 34-ը՝ հայկական սթարթափներ: Տարբեր հաստատութիւններէ իր աւելի քան 50 միջազգային փորձագէտներուն միջոցով Orion Wordwide Innovations-ը կ'աջակցի այս սթարթափներուն եւ կ'օգնէ անոնց զարգանալու շուկային մէջ: Ներկայիս Orion Worldwide Innovations-ը մեկնարկած է «The Armenian Code Academy» մեքենայական ուսուցման հնգամսեայ դասընթացը, որմէ ետք ամէնէն խոստմնալից շրջանաւարտները հնարաւորութիւն կ'ունենան աշխատանքի ընդունուելու այս սթարթափ ընկերութիւններուն մէջ:
«Մենք ուզեցինք մեր միջազգային փորձն ու կապերը ի գործ դնել Հայաստանի եւ հայկական սթարթափներու արագ զարգացման համար»,- Orion Worldwide Innovations-ի գործադիր տնօրէն ու հիմնադիր Էմմա Առաքելեան: Ընկերութիւնը հիմնուած է ԱՄՆ 2017-ին: Ան գրասենեակներ ունի Նիւ Եորքի եւ Երեւանի մէջ:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝