Search
Close this search box.

70 000 տոլար նուիրաբերուած է Հայաստանի Ծովինար գիւղին

Տոքթ. Նշան Թապիպեան, զաւակը եւ հարսը՝ տոքթ. Յակոբ եւ Անիլկա Թապիպեանները, 70 000 տոլար նուիրատուութիւն կատարած են՝ Հայաստանի Ծովինար գիւղին մէջ նոր նախաձեռնութիւններ սկսելու համար:
Այս նոր նուիրատուութեամբ Թապիպեան ընտանիքը հետամուտ է աջակցելու նոր փոքր ձեռնարկութիւններուն եւ համակարգչային ուսուցման ծրագիրի մը:
Վերջերս նորոգուած Քրիստոնէական դաստիարակութեան համայնքային կեդրոնը եւ նախապէս Ծովինար նախակրթարանը ստացած են տասական դիւրաթեք համակարգիչ: Երեխաները հնարաւորութիւն կ'ունենան սորվելու համակարգիչի ճիշդ օգտագործումը:
Միւս ծրագիրը, որ արդիւնաբերական կարգի չորս կարամեքենայ ձեռք բերել եւ համայնքի անդամներէն զանոնք շահագործելու համար պաշտօնական պատրաստութիւն անցնիլն է, դարձեալ կը ֆինանսաւորուի Թապիպեան ընտանիքին կողմէ: Իր հերթին, այդ անձը կը սորվեցնէ տեղի կանանց՝ հագուստ եւ գործուածք պատրաստելու համար, որոնք յետոյ պիտի վաճառուին Մարտունիի, Երեւանի մեծ շուկաներուն մէջ եւ այլուր:
Թապիպեան ընտանիքի հիմնադրամը մտադիր է շարունակելու նախաձեռնութիւնները, որոնք յաւելեալ եկամուտ կը բերեն գիւղերու բնակիչներուն եւ կը բարելաւեն Հայաստանի գիւղական շրջաններու կենսամակարդակը:
Ամբողջական նիւթը՝ «Asbarez.com»-ի մէջ՝

https://asbarez.com/tabibian-family-fund-donates-70000-to-dzovinar-village-in-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *