Search
Close this search box.

ՀԿՀ-ի ֆինանսաւորումով՝ Շուշիի արհեստագիտական համալսարանը համալրուած է համակարգիչներով

Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի հետ գործակցաբար Հայ կրթական հիմնարկութիւնը նուիրաբերած է 20.000 ամերիկեան տոլար՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Շուշիէն տեղահանուած ուսանողներուն նոր սարքաւորումներ եւ ուսումնական նիւթեր տրամադրելու համար: Կեդրոնը կահաւորուած է գերժամանակակից կահոյքով, տպիչներով, համակարգիչներով, լուսարձակիչներով, բարձրախօսներով եւ այլնով: Աւելին՝ կեդրոնի աշխատակիցները եւս ստացած են ապրանքանշային դիւրակիր համակարգիչներ: Իր ծառայութեան 71 տարիներուն ՀԿՀ-ը մշտապէս կարեւորած է ՏԱ ոլորտը Արցախի մէջ: Մայիս 2013-ին ՀԿՀ-ը 100.000 ամերիկեան տոլար յատկացուց Ստեփանակերտի պետական համալսարանի Համակարգչային տեղեկատուական համակարգերու (ՀՏՀ) քառամեայ ծրագիրին, 200.000 ամերիկեան տոլար՝ կանանց հանրակացարանին, եւ 80.000 ամերիկեան տոլար՝ Արցախի գիւղական դպրոցներու ութ «Արմաթ» աշխատանոցներու: ՀԿՀ-ը նպատակ ունի որակեալ եւ բովանդակալից ուսումնառութիւնը մատչելի դարձնելու աշակերտներուն՝ գործակցելով Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի հետ՝ անոնց տրամադրելու ժամանակակից արհեստագիտական սարքեր եւ տարբեր նիւթեր ուսումնասիրելու միջոցներ:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Asbarez.com» կայքէջին մէջ՝

https://asbarez.com/aef-funds-computer-labs-for-displaced-students-at-shushi-technological-university-in-stepanakert/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *