Մատչելի գիներով չուերթեր 8 ուղղութիւններով. Flyone Armenia-ն կը սկսի տոմսերու վաճառքը

Ընկերութենէն կը յայտնեն, որ Երեւան-Մոսկուա ուղղութեամբ կ'իրականացուի օրական 2 չուերթ: Շաբաթական երկու չուերթով միւս ուղղութիւններն են՝ Երեւան-Թեհրան, Երեւան-Լիոն, Երեւան-Թել Աւիւ, Երեւան-Կրասնոտար, Երեւան-Թիֆլիս, Երեւան-Քութայիս, Երեւան-Սթամպուլ: Տոմսերու արժէքը կը սկսի 39 եուրոյէն: Բոլոր չուերթերը կ'իրականացուին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն՝ յարմար չուացուցակով։ Ընկերութiւնն կ'առաջարկէ սակագնային երեք փաթեթ՝ Standard, Loyal եւ Advantage: Standard սակագնային փաթեթը անոնց համար է, որոնք կը նախընտրեն թռիչքի ամենապարզ տարբերակը։ Loyal եւ Advantage փաթեթները կը ներառեն բազմաթիւ առաւելութիւններ եւ զեղչեր, այդ կարգին՝ ուղեբեռի փոխադրում եւ շարք մը այլ ծառայութիւններ։

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/arm/news/1069005.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *