Search
Close this search box.

ՀՄԲ հիմնադրամը լսելու պարգեւը կը շնորհէ երեխաներու եւ մեծահասակներու

Հոկտեմբեր 2021-ին Հայկական միջազգային բժշկական (ՀՄԲ) հիմնադրամը աւարտեց 22-րդ բժշկական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Մասնակից բժիշկները 2021-ին երկրորդ անգամ ըլլալով յաջողեցան լսելու պարգեւը շնորհել երեխաներու եւ մեծահասակներու: Յընթացս առաքելութեան՝ տասը երեխայ ստացաւ ականջախխունջի փոխարինիչ եւ սկսաւ լսել առաջին անգամ ըլլալով: Նոյն գործընթացին շնորհիւ մեծահասակ մը եւս սկսաւ լսել: Աւելին՝ ՀՄԲՀ-ն իրականացուց Արցախի վերջին պատերազմին մասնակցած երկու զինուորի վիրաբուժութիւնը:

Տասը ամսական Ռազմիկ Գէորգեան եղաւ ականջախխունջի փոխարինիչով վիրահատուած ամենափոքր երեխան Հայաստանի մէջ: Ռազմիկին մայրը՝ Մարինէ Գէորգեան, ըսած է. «Բառերը բաւարար չեն՝ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց. Ռազմիկս կրնայ հիմա աշխարհը լսել»:

2021-ին ՀՄԲ հիմնադրամը ամբողջացուց երկու բժշկական առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ նշանաւորեց կարեւոր իրադարձութիւն մը եւս՝ 24 երեխայ ու մեծահասակ փոխարինիչով վիրահատելով մէկ տարուան մէջ: 2004-էն ի վեր, շնորհիւ խումբի նուիրուածութեան, աւելի քան 150 երեխայ-մեծահասակ ականջախխունջի փոխարինիչի յետ վիրահատութեան մաս կը կազմէ լսողութեան աշխարհին:

Հայկական միջազգային բժշկական հիմնադրամը, հիմնուած Մայիս 2003-ին, կը փորձէ Հայաստանի մէջ մշակել առողջապահական նորարար ծրագիրներ, աջակցութիւն ցուցաբերել անոնց, ինչպէս նաեւ նպաստել անոնց շարունակականութեան:

Ամբողջական լուրը՝ Asbarez.com.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *