16-րդ դարուն Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կառուցուած Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ տարածքը 3,769 քառակուսի մեթր է, որ կը պատկանի Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Եկեղեցին վերջին անգամ նորոգուած էր 1840-ին: Այնուհետեւ վերին կառոյցը աւերուած է եւ երկար ժամանակ օգտագործուած որպէս բրինձի գործարան:
Տիարպեքիրի մէջ Մշակոյթի նախարարութեան հետազօտութեան եւ յուշարձաններու տնօրինութեան ղեկավար Ճեմիլ Քոչ նշած է, որ հիասքանչ շէնքը էական նշանակութիւն ունի Տիարպեքիրի համար: «Կը կատարուին չափագրումներ, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան շէնքերու ուսումնասիրութեան եւ նախագիծերու: Նիւթերու նմոյշներ ալ վերցուած են, որոնք պիտի օգնեն յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու եկեղեցւոյ ճարտարապետական ոճին մասին»:
Հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այըք ըսած է, որ ներկայս Տիարպեքիրի երկու փրկուած եկեղեցիներէն մէկն է, եւ իրենք սկսած են զայն նախկին վիճակին վերադարձնելու գործընթացը: