Հայաստան Եւրամիութեան հետ օդագնացական ընդհանուր տարածքի համաձայնագիր կը ստորագրէ

"Հայաստան Եւրամիութեան հետ օդագնացական ընդհանուր տարածքի համաձայնագիր կը ստորագրէ: Համաձայնագիրը ստորագրելու նպատակով արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այժմ կը գտնուի Պրիւքսել: Նախատեսուած են հանդիպումներ ԵՄ գործընկերներու հետ: 2021 թուականի Յունիսին ԵՄ խորհուրդը հաւանութիւն տուած էր Հայաստանի հետ օդագնացական համաձայնագիրի ստորագրութեան: Համաձայնագիրը կ'ընդլայնէ օդային փոխադրումներու արդիւնաբերութիւնը՝ յաւելեալ տարբերակներ ներկայացնելով ինչպէս ուղեւորներուն, այնպէս ալ կառավարման մարմիններուն: Առեւտուրը, զբօսաշրջութիւնը, ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընկերա-տնտեսական իրադրութիւնը վստահաբար կը շահին այժմու աւելի սերտ կապէն: Ամբողջական լուրը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2021/11/14/armenia-eu-to-sign-common-aviation-area-agreement/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *