Հայաստան եւ Իրան մտադիր են բժշկական սարքաւորումներու համատեղ արտադրութիւն հիմնել

Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Իրան-Հայաստան արդիւնաբերութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումը: Կողմերը քննարկեցին զանազան հարցեր, ինչպիսիք են՝ Իրանի ճարտարագիտական ու գործառութային ծառայութիւններու արտահանումը Հայաստան, երկկողմ առեւտուրը, հիւսիս-հարաւային միջանցքի կառուցումը, արդիւնաբերական համատեղ պարկերու հիմնումը եւ բժշկական սարքաւորումներու համատեղ արտադրութիւնը:

Ողջունելով բժշկական համատեղ սարքաւորումներու արտադրութեան գաղափարը Հայաստանի մէջ՝ հայկական կողմը այս ծրագիրը հնարաւորութիւն համարեց մուտք գործելու միջազգային շուկաներ:

Անդրադառնալով 2022 թուականի առաջին հինգ ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան 33 տոկոս աճին՝ Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարարը ողջունեց Երեւանի մէջ Իրանի առեւտրական կեդրոնի հիմնումը եւ առաջարկեց գործարարական ու դեղագործական պատուիրակութիւններ ուղարկել Իրանէն Հայաստան, որպէսզի անոնք ծանօթանան իրենց գործընկերներուն եւ ունենան B2B հանդիպումներ

Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Հայաստանի հարնային ռատիոկայան»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2022/07/25/armenia-iran-discuss-establishment-of-joint-production-of-medical-equipment/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *