Հայաստան պիտի մասնակցի «Եւրոպական հնագիտութեան օրեր» միջոցառումին

Հայաստան առաջին անգամ պիտի մասնակցի «Եւրոպական հնագիտութեան օրեր» միջոցառումին, որ տեղի կ'ունենայ 2010-էն ի վեր Եւրոպական խորհուրդի անդամ 46 երկիրներու մէջ եւ կը համակարգուի Ֆրանսայի հնագիտական կանխարգելիչ հետազօտութիւններու ազգային ինստիտուտի կողմէ (INRAP):

Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 17-էն 19 երկրի հնագիտական պեղումներու վայրերու մէջ: Եռօրեայ միջոցառումին այցելութիւններ պիտի կազմակերպուին հնագիտական վայրեր, հնագիտական հետազօտութիւններու կեդրոններ, որոնք սովորաբար փակ են հանրութեան համար: Ժամանցի եւ կրթական բազմաթիւ միջոցառումներ՝ պեղումներ, ցուցահանդէսներ, դասընթացներ, գտածոներու վերականգնում, նախատեսուած են միջոցառումի ծիրէն ներս:

Ամբողջական լուրը՝ «Armradio.am»-ի մէջ

https://en.armradio.am/2022/06/08/armenia-joins-european-archeology-days-event/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *