2022-ին Հայաստանի մէջ կը նշուի Եւրոպական փառատօներու միութեան 70-ամեակը

Եւրոպական փառատօներու միութեան 70-ամեակի ծիրէն ներս աւելի քան 100 յառաջատար փառատօներու տնօրէններ, նորարարութեան, հետազօտութիւններու, մշակոյթի, կրթութեան, երիտասարդութեան եւ այլ ոլորտներու եւրոպական յանձնակատարներ, մօտ 40 եւրոպական քաղաքներու քաղաքապետներ, գործարարներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ Հայաստան պիտի ժամանեն:

Արուեստներու փառատօներու գագաթնաժողովը տեղի կ'ունենայ 2022 թուականի Մայիս 2-էն 5 Հայաստան, որ կը հիւրընկալէ «Երեւանեան հեռանկարներ» 23-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը։ 2022-ի գագաթնաժողովը իր ձեւաչափով պիտի տարբերի նոր ծրագիրներով, նոր նախագիծերով եւ նախաձեռնութիւններով։

«Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնը 2007 թուականէն կը հանդիսանայ Եւրոպական փառատօներու միութեան (EFA) լիիրաւ անդամ, որ 2014 թուականէն կը դասուի Եւրոպայի լաւագոյն փառատօներու տասնեակին մէջ։

Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Panorama»-ի մէջ՝

https://www.panorama.am/en/news/2021/12/23/Yerevan-Perspectives/2618519

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *