Հայաստանը պիտի ներդնէ եկամուտներու պարտադիր յայտարարագրման գործիքակազմ

Մինչեւ 2025 թուականը՝ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է ներդնել երկրի բոլոր քաղաքացիներուն եկամուտներու պարտադիր յայտարարագրման համակարգ։
Համապատասխան որոշում մը ընդունուեցաւ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին։ «Բոլոր քաղաքացիներու եկամուտներուն պարտադիր յայտարարագրումը պիտի ներդրուի երեք հանգրուանով: Աւելին՝ ամենայն հաւանականութեամբ տուգանք սահմանուի այն քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք չեն լրացներ յայտարարագիրը»,- ըսաւ Ելեւմուտի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։
Նախարարը յայտնեց, որ առաջին հանգրուանին իրենց եկամուտները պէտք է յայտարարագրեն համայնքային կամ հասարակական պաշտօններ զբաղեցնող քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ այն կազմակերպութիւններու բաժնետէրերը, որոնց շրջանառութիւնը 2022 թուականին գերազանցած է 1 միլիառ դրամը։ Ասիկա պիտի տարածուի նաեւ այն քաղաքացիներուն վրայ, որոնք 2023 թուականին պիտի ստանան 20 միլիոն դրամ եւ աւելի վարկեր։
Եկամուտներու պարտադիր յայտարարագրման համակարգ ներդնելու որոշումը նաեւ պէտք է վաւերացնէ Հանրապետութեան խորհրդարանը։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *