Հայաստանը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին՝ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Արցախ

Հայաստանը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին՝ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Արցախ եւ Բերձորի միջանցք՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար։

ՄԱԿ-ի Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը դեկտեմբեր 20-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ըսած է, որ Ատրպէճանը փաստացի թիրախաւորած է Արցախի 120.000 ժողովուրդը՝ բոլորովին մեկուսացնելով զանոնք ձմռան եղանակային պայմաններուն ներքոյ։ Ան յաւելած է, որ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը խոչընդոտած է առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու մատուցումը՝ յառաջացնելով կեանքի վտանգաւոր պայմաններ:

Դիւանագէտը նաեւ կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Ատրպէճանէն պահանջել լիովին յարգել 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ անյապաղ ու անվերապահ բանալ Բերձորի միջանցքը՝ վերացնելով անվտանգ եւ անարգել փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան բոլոր խոչընդոտները։

https://www.panarmenian.net/eng/news/304477/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *