Հայաստանը երբեք պիտի չհամաձայնի Ատրպէճանին արտատարածքային միջանցք տրամադրելու. յունուար 12-ին յայտարարեց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեանը։
Յունանեանի մեկնաբանութիւնը հնչեց ի պատասխան Ատրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ով, ընդունելով Եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ միջանցքի մասին խօսք չըլլալու հանգամանքը, սպառնաց, որ «միջանցք պիտի ըլլայ՝ անկախ այն բանէն, թէ Հայաստանը կը համաձայնի, թէ ոչ»։
«Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան համաձայն տարածաշրջանային բոլոր փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու բացմամբ շահագրգռուած ըլլալուն մասին։ Մենք պատրաստ ենք զայն անյապաղ իրականացնելու՝ պետական օրէնսդրութեան շրջանակէն ներս, երկրներու ինքնիշխանութեան եւ ճանապարհներու նկատմամբ իրաւասութեան պահպանման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեանց շրջանակէն ներս։ Հայաստանը երբեք պիտի չհամաձայնի արտատարածքային միջանցք տրամադրելու»,- ըսաւ նախարարութեան մամլոյ խօսնակը։
«Ողջունելի է, որ Ատրպէճանի ղեկավարութիւնը վերջապէս անկեղծօրէն յայտարարեց, որ այսպէս կոչուած միջանցքի մասին պնդումները կապ չունին նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան հետ։ Յայտարարութեան մէջ յիշատակուած է միայն մէկ միջանցք, այն ալ Բերձորի միջանցքն է, որ Ատրպէճանը ապօրինաբար արգելափակած է զայն մէկ ամիսէ ի վեր», եզրափակեց ան:
Ատրպէճանն ու Թուրքիան բազմիցս բարձրացուցած են «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին հարցը, որ պէտք է անցնի Հայաստանի հարաւային՝ Սիւնիքի մարզէն, որպէսզի Նախիջեւանը կապէ Ատրպէճանին։ Հայկական կողմը, սակայն, բազմիցս հերքած է իր ներգրաւուածութիւնը՝ Ատրպէճանին միջանցք տրամադրելու բանակցութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով, որ իրենք պայմանաւորուած են միայն բանալ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը տարածաշրջանէն ներս։