Հայաստանն ու Ատրպէճանը կը շարունակեն աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագրին վրայ, դեկտեմբեր 8-ին լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ պատասխանելով ատրպէճանական կողմին նոր առաջարկներուն մասին հարցումներուն, որոնք աւելի վաղ փոխանցուած էին Հայաստանին։
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ փաստաթուղթին վրայ, եւ մեր խմբագրուած տարբերակը շուտով պիտի փոխանցուի Ատրպէճանին»,- յայտնած է Գրիգորեանը։
Ան նաեւ ըսած է, որ հայկական կողմը իր ողջ ջանքերը պիտի ներդնէ, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ։ Անդրադարձ կատարելով Արցախեան հակամարտութեան՝ Գրիգորեանը նշեց, որ տակաւին վերջնական որոշում պէտք է կայացուի, թէ արդեօք հիմնախնդիրը խաղաղութեա՞ն համաձայնագրի շրջանակէն ներս պիտի լուծուի, թէ առանձին միջազգային գործիքակազմ մը պիտի մշակուի այդ ուղղութեամբ։
«Ուաշինկթոնի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր՝ ստեղծելու միջազգային գործիքակազմ մը, որումն ծիրէն ներս Արցախն ու Ատրպէճանը կը կարենան քննարկել արցախահայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Մինչ այժմ, այդ գործիքակազմին վերաբերեալ յստակացում չկայ»,- եզրափակած է քարտուղարը։