Հայ արուեստագէտներու նախագիծ. Կիրք՝ գեղարուեստի, սէր՝ Հայաստանի նկատմամբ

Գեղարուեստի հանդէպ կիրքը, Հայաստանի նկատմամբ սէրը եւ բարեգործութիւն կատարելու պատրաստակամութիւնը Ճիմ Մուրատիկը մղեցին հիմնելու եւ ֆինանսաւորելու Հայ արուեստագէտներու նախագիծը (ԱԱՆ) եւ համախմբելու խումբ մը խանդավառ ու նուիրեալ մարդիկ, որպէսզի մաս կազմեն ԱԱՆ-ի ընտանիքին: Նշենք, որ ԱԱՆ-ը ոչ-շահադիտական կազմակերպութիւն է՝ հիմնուած 2018-ին Սան Տիեկօ, ԱՄՆ:

Բացի այդ՝ ԱԱՆ-ը արուեստագէտներուն ստացածին համապատասխան գումարով կը նպաստէ Հայաստանի տնտեսութեան՝ յանուն դպրոցներու, առողջապահական կեդրոններու, բնակարաններու, համայնքային կեդրոններու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ ջուրի ծրագիրներու եւ ենթակառուցուածքներու:

Additionally, AAP contributes a matching amount of what the artists receive back into Armenia’s economy to help rebuild schools, health centers, housing, community centers, water projects and infrastructure.

Գնորդներ եւ արուեստի գործերու հաւաքորդներ, որոնք գնումներ կը կատարեն armenianartistsproject.org կայքէջէն, զանոնք կը վերածեն բարեգործութեան՝ աջակցելով Հայաստանին: Արուեստի իւրաքանչիւր գործի վաճառքէն գոյացած հասոյթի 95 տոկոսը ուղղակիօրէն կը վերադառնայ Հայաստանի տնտեսութեան:

https://armenianartistsproject.org/home

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *