Հայ մարզիկները 2021 թուականին նուաճած են 199 մետալ

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները 2021 թուականին պատանիներու, երիտասարդներու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ողիմպիական առաջնութիւններուն նուաճած են 199 մետալ:

Իր հերթին, կառավարութիւնը աջակցած է մարզիկներուն եւ աւելցուցած անոնց ու մարզական անձնակազմի նպաստներն ու աշխատավարձերը՝ 2021 թուականին յատկացնելով 652 մլն դրամ՝ 2020-ի 157 մլն դրամի փոխարէն:

Փոխնախարարը մեծ ձեռքբերում համարած է Երեւանի մէջ բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան կայացումը: «Ամենալաւը այն է, որ միակը չէ այդ. վարչապետը յանձնարարած է, որ կրնանք տարեկան երկու շատ բարձր կարգի մրցում կազմակերպել Հայաստանի մէջ, եւ մենք պիտի օգտուինք այդ հնարաւորութենէն»,- ընդգծած է ԿԳՄՍ փոխնախարարը:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Panarmenian.net»-ի մէջ՝

https://panarmenian.net/m/eng/news/297505

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *