Հայկական ֆիլմերու ընկերակցութիւնը Ամերիկեան Սինեմաթեքէն ներս պիտի ներկայացնէ «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ֆիլմը

Հայկական ֆիլմերու ընկերակցութիւնը ապրիլ 8-ին պիտի ցուցադրէ «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ֆիլմը՝ Ամերիկեան Սինեմաթեքէն ներս, որուն պիտի յաջորդէ Վահէ Պէրպէրեանի եւ Վահիկ Փիրհամզէիի հետ հարց ու պատասխանը, որ պիտի վարէ Արմէն Քարաօղլանեանը:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ֆիլմը 2016 թուականին նկարահանուած կատակերգութիւն մըն է՝ արտադրուած երկու ֆիլմահաններու՝ Արմէնի (Վահիկ Փիրհամզէի) եւ Ռաֆֆիի (Վահէ Պէրպէրեան) մասին, որոնք Երեւան կու գան՝ նկարահանելու երրորդ սերունդի ամերիկահայու մասին գեղարուեստական ֆիլմ մը, ով Երեւան կու գայ՝ 12 տարեկան զաւակ մը որդեգրելու համար։ Երկեակը կը միաւորուի տեղացի թատերավար Ռուբոյի (Հրանդ Թոխատեան) հետ, եւ սկիզբ կ’առնեն նկարահանումները, տեղուանքի ընտրութիւնը եւ դրամամիջոցներ ապահովելու դժուարին գործը: Այս կատարեալ թուացող նախագիծը, սակայն, իրականութիւն կը դառնայ անհեթեթ հանդիպումներու, անսպասելի բացայայտումներու եւ խելայեղ իրադարձութիւններու խառնարանի մը շնորհիւ:
Ֆիլմը կը ցուցադրուի որպէս Ամերիկեան Սինեմաթեքի «Watch Local. Sister Cities» շարքէն մաս մը, որ կը ներառէ այնպիսի ֆիլմեր, ինչպիսին են «Taipei Story» (Թայուան), «Salaam Bombay!», (Հնդկաստան) եւ «Rudo y Cursi» (Մեքսիքա):
Հայկական ֆիլմերու ընկերակցութիւնը անցեալին մի քանի անգամ համագործակցած է Ամերիկեան Սինեմաթեքի հետ՝ համատեղութեամբ ցուցադրելով Ատոմ Էկոյեանի «Քաղցր յետագան» ֆիլմը՝ «Սեւ շաբաթ. յուսահատութեան ֆիլմեր» շարքի շրջանակէն ներս: Անոնք նաեւ համատեղութեամբ կազմակերպած են հարց ու պատասխան՝ Ատոմ Էկոյեանի «Պատուաւոր հիւր» ֆիլմի առցանց ցուցադրութեան ժամանակ, 2020 թուին:

https://www.instagram.com/p/CqTRk_8vAvA/?igshid=YmMyMTA2M2Y%3D

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *