Հայ ներդնողները ծանուցած են Ատրպէճանը՝ պահանջելով փոխհատուցել բռնագրաւուած Արցախի ջրելեկտրական կայաններուն համար

Փոքր ջրելեկտրական կայաններուն արդիւնաբերութեան ոլորտի 19 հայ մասնաւոր ներդնողներ Ատրպէճանին դիմած են միլիոնաւոր տոլարանոց ներդրումներու փոխհատուցում։
Հայ ներդնողները պիտի դիմեն Միջազգային իրաւարար դատարան, եթէ Պաքուն չպատասխանէ իրենց դիմումին։ Ի դէմս «Ուիլքի Ֆար եւ Կալակէր» միջազգային իրաւաբանական ընկերութեան եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանի հիմնադրած «Դաւիթ եւ գործընկերք» հայկական խորհրդատուական ընկերութեան՝ ներդնողները իրենց պահանջները պաշտպանելու համար պիտի յենուին Միջազգային ուժանիւթային կանոնադրութեան համաձայնագրին վրայ:
Ջրելեկտրական կայանները կառուցուած են Քարվաճառի, Բերձորի եւ Արցախի այլ բնակավայրերու մէջ, որոնք Ատրպէճանը բռնագրաւած է 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ի վեր։
Ասիկա 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ի վեր Արցախի մէջ ներդրումներ կատարած անձանց կողմէ Ատրպէճանի դէմ առաջին դատական հայցն է։

https://www.instagram.com/p/Cl_7gxbo6zW/
https://globalarbitrationreview.com/article/azerbaijan-threatened-ect-claim-after-armed-confli
ct

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *