Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը յայտնեց, որ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանը նոյեմբեր 24-ին հանդիպած է Լիթուանիոյ Գլխաւոր դատախազ Նիտա Կունսքիենէի հետ եւ անոր հետ քննարկած է երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լիթուանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Իկիթեանը։
Կողմերը քննարկած են երկու երկրներու դատախազներու կրթութեան եւ անաչառութեան՝ մշտական ամրապնդման ուղղուած համատեղ դասընթացներու եւ միջոցառումներու իրականացման հեռանկարները։
Անահիտ Մանասեանը ըսած է, որ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը սկսած է կառոյցի զարգացման ռազմավարական գործընթացը՝ այս առումով կարեւորելով լիթուանական փորձը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ դատախազութիւն-լրատուամիջոցներ, դատախազութիւն-հասարակութիւն կապի խնդիրներուն եւ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան հնարաւորութեանց։