Իրանի՝ հինգերորդ ամենամարդաշատ Թաւրիզ քաղաքին մէջ պիտի հիմնուի հայկական թանգարան:
Ատրպատականի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ հանդիպումին մշակութային ժառանգութեան, ձեռագործ աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ահմատ Համզայեհզատէ շեշտեց, որ հայկական պատմական յուշարձաններու պահպանումը վարչութեան կարեւորագոյն պարտականութիւններէն է:
Համզայեհզատէ յայտնեց, որ վերականգնման, պաշտպանութեան ու պահպանման բաժանմունքը յատուկ միջոցներու ձեռնարկեց երաշխաւորելու հայկական յուշարձաններու ապահովութիւնը: Բացի այդ՝ օրակարգի վրայ է Թաւրիզի հայկական թանգարանի հիմնումը:
Ան աւելցուց, որ նահանգին մէջ գոյութիւն ունին հայկական մեծարժէք յուշարձաներ, ինչպիսին են՝ Սուրբ Ստեփանոս վանքը, որ մաս կը կազմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի ժառանգութիւն» ցուցակին:
Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.
https://en.armradio.am/2022/04/21/armenian-museum-to-be-established-in-tabriz-iran/