Միջազգային աստղագիտական միութիւնը (ՄԱՄ) Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանը ընդգրկած է իր «Աստղագիտական բացառիկ ժառանգութիւն» ցանկին մէջ:
Բիւրականի աստղադիտարանը ներկայացուած է որպէս Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի աստղագիտական ամենակարեւոր կեդրոնը՝ ինչպէս իր գիտական գործիքներով, այնպէս ալ նուաճումներով:
Աստղադիտարանը հիմնուած է 1946-ին 20-րդ դարու յայտնի գիտնական Վիքթոր Ամազասպովիչ Համբարձումեանի (1908-1996) նախաձեռնութեամբ: 1998-էն ի վեր աստղադիտարանը կը կրէ Վիքթոր Համբարձումեանի անունը: