Արցախը ժամանակաւորապէս դադրեցուց հանքարդիւնաբերութիւնը եւ դիմեց միջազգային փորձաքննութեան

Արցախի կառավարութիւնը հաստատեց, որ Արցախի մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը կը գործէ միջազգային ամէնէն բարձր չափանիշերուն համապատասխան, եւ ոլորտային օրէնսդրութիւնը սահմանուած է միջազգային կարգաւորումներուն համաձայն։
«Սակայն հաշուի առնելով հարեւան երկրի «բնապահպան ցուցարարներուն» ստեղծած անառողջ միջավայրը եւ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու փորձերը՝ կառավարութիւնը որոշեց կապ հաստատել միջազգային կազմակերպութեանց հետ՝ «Base Metals» ընկերութեան գործունէութիւնը միջազգային բնապահպանական փորձաքննութենէ անցընելու համար։
Ընկերութեան ղեկավարութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուց հանքին շահագործումը՝ մինչեւ փորձաքննութիւնը աւարտին հասնի:
Արցախի կառավարութիւնը դիմեց ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն եւ այլ միջազգային մասնագիտական կազմակերպութեանց՝ կարճ ժամկէտներու մէջ փորձաքննութիւն իրականացնելու համար։

https://en.armradio.am/2022/12/28/artsakh-temporarily-stops-mining-appeals-for-international-expertise/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *