Search
Close this search box.

Ատրպէճանն ու Հայաստանը քայլ մը եւս կը մօտենան խաղաղութեան համաձայնագրին, ըսած է Պլինքէնը

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Պլինքէնը Ամերիկայի մէջ կայացած բանակցութեանց ընթացքին զգալի յառաջընթաց արձանագրած է՝ Ատրպէճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր մը ձեռք բերելու գործին մէջ։
Հինգշաբթի օրը, Պլինքէնը յայտարարեց, որ երկու կողմերն ալ զգալի յառաջընթաց արձանագրած են Վերգինիոյ նահանգի Արլինկթոնի մէջ կայացած՝ խաղաղութեան երկկողմ բանակցութեանց եզրափակիչ հանդիպման։ Բանակցութիւններուն թափը եւ մեր գործընկերներուն դրած հիմքերը ցոյց կու տան, որ մենք իսկապէս կը մօտենանք խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, յաւելած է Պլինքէնը։
Բանակցութիւնները սկսած են մայիս 1-ին, որուն ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէճանը Բերձորի միջանցքը շրջափակած ըլլալուն պատճառաւ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը։

https://www.instagram.com/p/Cr1W7Vhq_AH/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *