«BBC». «Յաղթանակի պաշտամունքը» եւ ատրպէճանցի դպրոցականները

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, Ատրպէճանի մէջ մարտական զոհաբերութեան պաշտամունքը փոխարինուեցաւ մարտական յաղթանակի պաշտամունքով, ըսուած է դեկտեմբեր 26-ին «BBC»-ի ռուսական ծառայութեան հրապարակած յօդուածին մէջ։ «Ծառայութի՛ւն հայրենիքին, հաւատարմութի՛ւն ժողովուրդին, ատելութի՛ւն, ատելութի՛ւն, ատելութի՛ւն թշնամւոյն». տեղական որոշ դպրոցներու մէջ երեխաներուն սորված կարգախօսներէն մէկն է: Ատրպէճանի մէջ, հաւանաբար, ոչ ոք կասկած ունի, թէ որո՛ւ համար նախատեսուած են այս վանկարկումները:

Յօդուածին մէջ Ֆիքրէթ անունով ուսուցիչը երկար տարիներ է պատմութիւն կը դասաւանդէ՝ փորձելով խուսափիլ դժուար պահերէն: Ան չէր մեջբերեր դպրոցական դասագիրքերէն վայրենաբարոյ հատուածներ, փոխարէնը կը խրախուսէր ուսանողներուն՝ գտնելու տեղեկատուութեան այլընտրանքային աղբիւրներ: Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, սիրած գործով զբաղելու եւ զայն չկորսնցնելու միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելը աւելի դժուարացաւ։ Երբ Ատրպէճանը վերահսկողութեան տակ վերցուց հայկական պատմական Շուշին, յաղթանակով արբեցողութիւնը միայն մեծցաւ։

«Այս երեխաները վաղուան զինուորներն են, բժիշկները, ուսուցիչները. մեր երեխաները, որոնք պիտի պաշտպանեն մեր երկիրը առաջնագծին վրայ»,- մեկնաբանած է լրագրողը։ «Ատրպէճանի մէջ «հայամէտ» բառը վիրաւորանք է, իսկ հայկական արմատները՝ ցածրորակութեան նշան է։ Մէկ այլ առցանց տարածուող տեսանիւթի մէջ՝ տեղական հեռատեսիլի կայանի հաղորդավարը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կը կոչէ «Հայամէտ», անոր անունը կը բացագանչէ մանկական երգչախումբ մը՝ «Փինոքիօ» երգին ծաղրական կրկնութեան մէջ:

https://www.panarmenian.net/eng/news/304582/
https://www.bbc.com/russian/features-64077433

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *