Կիրակի, 12 Յունիսին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին հայկական նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ առաջին սուրբ պատարագը մատուցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ հայր Գուսան Հաւաթեան:
Նշենք, որ եկեղեցւոյ կառուցումը սկսած էր 2006 թուականին:
Եկեղեցին կառուցուած է շնորհիւ նուիրատուներուն, եկեղեցւոյ խորհորւրդին ու հայ երիտասարդութեան: Գործընթացին նպաստած են Սոֆիայի քաղաքապետարանը եւ Պուլկարիոյ նախարարաց խորհուրդի կրօնական հարցերու վարչութիւնը:
Ըստ նախնական զեկոյցներու՝ պաշտօնական բացումը եւ օծումը տեղի կ'ունենան Սեպտեմբեր 2022-ին: