Search
Close this search box.

Չաւուշօղլու կոչ ըրած է Եւրոպայի թուրքերուն՝ պայքարելու հայկական Սփիւռքի դէմ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հանդիպած է Սթրասպուրկի թուրքերուն եւ անոնց կոչ ըրած՝ պայքարելու տեղի հայկական Սփիւռքի դէմ: Հոկտեմբեր 10-ին Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Անգարա հիմնած է ԱՄՆ-ի մէջ Թուրք-ամերիկեան ազգային համակարգող կոմիտէն, որ շատ արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանի՝ «Թուրքիոյ դէմ հայկական Սփիւռքի զրպարտութիւններուն դէմ պայքարելու»:

Չաւուշօղլու ըսաւ, որ ֆրանսահայութեան մէկ մասը «դժբախտաբար» լաւ նպատակներ չի սնուցեր, զանոնք մեղադրելով Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը խաթարելու մէջ:

Ան նաեւ նշեց, որ հայկական Սփիւռքը «թշնամական վերաբերում ունի բարւոք յարաբերութիւններ հաստատելու նկատմամբ»: «Մենք կ'ակնկալենք, որ պայքարիք հայկական Սփիւռքի դէմ»,- աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

https://panarmenian.net/m/eng/news/303013

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *