«Իրաւացիութեան եւ արդարութեան կեդրոնը» (CFTJ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող, շահոյթ չհետապնդող, ապաքաղաքական, անկախ կազմակերպութիւն մըն է՝ ձեւաւորուած 2020 թուականի նոյեմբերին՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ։
«CFTJ»-ը ռազմական յանցագործութեանց փաստահաւաք իրականացուցած է եւ վկաներուն եւ զոհերուն ցուցմունքները արձանագրած է՝ տեղւոյն վրայ եւ այլուր, դատաբժշկական հետաքննութեան հիման վրայ՝ 2020 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր:
Կազմակերպութիւնը համապատասխան տեղեկատուութիւնը տրամադրած է եւրոպական երրորդ կողմին, որպէսզի անոնք լայնածաւալ թղթածրարը փոխանցեն իրենց համապատասխան ազգային դատական եւ իրաւապահ մարմիններուն՝ Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն դէմ ուղղուած այս միջազգային յանցագործութեանց գծով քրէական հետաքննութիւն սկսելու համար:
Շրջափակման պայմաններուն ներքոյ «Իրաւացիութեան եւ արդարութեան կեդրոնը» կրթական համագործակցութեան ծրագիր մը հաստատեց Այովայի համալսարանի եւ Արցախի պետական համալսարանի միջեւ:
Կազմակերպութիւնը հպարտութեամբ յայտարարեց, որ այս համագործակցութեան իրականացումը՝ 2022 թուականին Հայաստանի մէջ իր իսկ կազմակերպած մարդկային իրաւանց միջազգային համաժողովին անմիջական արդիւնքն է:
«Մեր նպատակն է կապել դասախօսական կազմն ու ուսանողները՝ աշխարհի հակամարտութեանց գօտիներուն մէջ տիրող մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան վերաբերող հարցերուն շուրջ: Մենք անհամբեր ենք, համագործակցութեան ծիրէն ներս, տեղեկանալու Արցախի մասին եւ սորվելու անկէ», - ըսաւ Այովայի համալսարանի տնօրէն Կանիմը:
https://www.aravot-en.am/2023/02/07/319333/
https://www.instagram.com/p/Co8fyCOvvXg/?igshid=NzAzN2Q1NTE%3D