Կապող թելեր / Վերապրող իրեր

«Կապող թելեր / Վերապրող իրեր»-ը կը բացայայտէ Ամերիկայի հայկական թանգարանի եւ Պոսթընի կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոներէն հայկական պատարագային գործուածքներու բազմերանգ աշխարհը: 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն ասեղնագործուած, տպագրուած ու ներկուած այս իրերը ցոյց կու տան պատարագի գործուածքներու բազմաչափ բնոյթը եւ կը վկայեն Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայկական համայնքներու կենսունակութիւնն ու համաշխարհային առեւտրական ընթացքին վրայ անոնց գործած ազդեցութիւնը:

1890-ականներէն մինչեւ 1920-ական թուականներու հալածական յաջորդական ալիքներէն ետք Օսմանեան կայսրութեան մէջ բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ այժմ աւերակ են: Սակայն այս փխրուն, գեղեցիկ գործուածքները վկայութիւն են մարդոց գոյատեւման, ինքնութեան ու հաւատքին: Այս մանածագործութիւններէն շատերը առաջին անգամ ըլլալով արժանացան գիտական ուշադրութեան, երբ աշակերտներ մանրակրկիտ քննութեան առարկայ դարձուցին Ամերիկայի հայկական թանգարանի իւրաքանչիւր առանձին մանածագործութիւն՝ առարկաներուն եւ համապատասխան գրականութեան մասին դասարանային քննարկումներու զուգահեռ: Ցուցահանդէսի պիտակներն ու ուսումնական նիւթերը կը ներկայացնեն իրենց ծաւալուն հետազօտութեան արդիւնքը:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Tufts.edu»-ի կայքին մէջ՝

https://artgalleries.tufts.edu/blog/news/2021/01/30/connecting-threads-survivor-objects/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *