ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է Աջափնեակ կայարանի շինարարութեան մեկնարկը, որ յաղթող ճանչցուած է շինարարական մրցոյթին:
Վարչապետ Փաշինեան այս շինարարութիւնը կը համարէ ռազմավարական ծրագիր, որովհետեւ մեթրօն պիտի անցնի Հրազդան գետի հանդիպակաց ափը՝ ստեղծելով հնարաւորութիւններ դէպի Դաւթաշէն, Մալաթիա-Սեբաստիա, 15 թաղամաս եւ այլն ճիւղաւորուելու:
Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան նշած է, որ ծրագիրը պիտի իրականանայ 510 օրուան ընթացքին կամ թերեւս աւելի կանուխ: Ըստ իրեն՝ շինարարութեան ընդհանուր ծախսը 50 միլիոն տոլար է: Քաղաքապետը ըսած է, որ Հայկական պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտը (ՀՊՀՖ) դիտարկած է ներդրումային մասնաւոր ծրագիրներու միջոցով կառավարութեան ֆինանսաւորման մասնաբաժինը կրճատելու հնարաւորութիւնը:
Ամբողջական լուրը՝ «Արմէնփրես»-ի մէջ