Նորարար արհեստագիտութիւններու կիրարկումով՝ նոր փոխադիրներու մշակում

Հայաստանի մէջ ArmBionics ընկերութիւնը նորարար արհեստագիտութիւններու միջոցով նոր փոխադիրներ մշակած է՝ ֆիզիքական վերականգնման խնդիրը լուծելու համար: Իր նպատակն է փոխադիրներ ստեղծել ու արտադրել հաշմանդամներու եւ անդամահատներու համար:
Բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց մարմնի այս կամ այն անդամը կորսնցուցին 2020-ի ղարաբաղեան պատերազմին, ուստի այդ փոխադիրներուն կարիքը աճեցաւ:
Որոշ սփիւռքահայեր կամաւոր կ'աշխատին ընկերութեան մէջ: Ուրուկուէյէն 29-ամեայ ելեկտրիկ-ճարտարագէտ Կապրիէլա Մուլուքեան կ'ուսումնասիրէ ազդանշանները եւ զանոնք ելեկտրական շարժումներու վերածելու ձեւերը, որպէսզի յետոյ անոնք շարժեն իրենց ձեռքի մատները:
24-ամեայ Մանուէլ Գրիգորեան կը պատրաստէ տարբեր արտադրանքներու կաղապարները: Ան նախագծեց մեքենական ձեռք մը, որ կրնայ բացուիլ ու գոցուիլ: Միօ-ելեկտրական ձեռքը այնպիսի արտադրանք է, որ թոյլ կու տայ մի քանի շարժում կատարելու իր մակերեսի սարքին շնորհիւ: Գերմանիայէն մեքենա-ճարտարագէտ Հայկ Կիսադուր կ'ըսէ, որ այս ծրագիրին մէջ իր մասնակցութիւնը կարեւոր է թէ՛ կարողութիւնները զարգացնելու եւ թէ՛ Երեւան տեղափոխուած ըլլալու առումով:
ArmBionics-ի ընկերութեան գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր 22-ամեայ Մարինա Դաւթեան Երեւանի մէջ կը հետեւի բժշկութեան՝ մասնագիտանալով նեարդաբանութեան մէջ: Ան կ'ըսէ, որ ընկերութիւնը ձեւաւորումներ կը պատրաստէ՝ ոտքի կաղապարներ մշակելու համար, եւ թերեւս յետոյ աշխատի խոհանոցի համար խելացի ռոպոթական ձեռքերու վրայ:
Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «1lurer.am»-ի մէջ՝

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *