ՀԱՀ-ի ՀԲԸՄ Փափազեան գրադարանը յայտարարած է «Հայ լեզուական ժառանգութեան թուայնացում (ՀԼԺԹ). բազմաչափ հաւաքածոյ եւ տուեալներու մշակում» ծրագիրի մեկնարկը:
ՀԱՀ-ի Հայ դասական գրականութեան թուային գրադարանը (Digilib) կ'աջակցի ծրագիրին՝ տրամադրելով դասական հայերէն ու արեւմտահայերէն թուայնացուած բնագիրեր եւ թուայանացնելով ուրիշ համապատասխան նիւթեր:
Ֆրանսայի Ազգային հետազօտական գործակալութեան ֆինանսաւորած ծրագիրը նպատակ ունի ստեղծելու լեզուաբանական թուային առաջին միացեալ հարթակը՝ ամբողջովին հասանելի եւ բաց ծածկագիրով: Հարթակը կ'ընդգրկէ դասական հայերէնի եւ արդի արեւմտահայերէնի՝ ծանօթագրուած, արդի արեւելահայերէնի՝ թարմացուած, եւ միջին հայերէնի փորձնական բնագիրերու հաւաքածոներ:
«DALiH» ծրագիրի ծիրէն ներս հետազօտութիւն պիտի կատարուի Բնական լեզուի մշակումի (NLP) եւ լեզուական հեռանկարներու առնչութեամբ՝ միակցելու քերականական ծանօթագրութիւններն ու Խօսքի մեքենական ճանաչման կաղապարները վերոնշեալ հայերէն տարբերակներուն մէջ:
Ամբողջական նիւթը՝ «Armradio.am»-ի մէջ՝