Դիւանագիտական բանակցութիւններ. մեր պատմութիւնը կը կրկնուի՞

1918-ին բանաստեղծ Աւետիս Ահարոնեան՝ որպէս դիւանագիտական պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ միասին գնաց Կոստանդնուպոլիս, այնտեղ մնաց չորս ամիս՝ բանակցելու արիւնարբու Էնվեր եւ Թալեաթ փաշաներուն հետ: Այս դիւանագիտական արարքը պատշաճ քայլ էր պետական բարձր պաշտօն զբաղեցնողի կողմէ, որ գործ ունի ամբողջ ազգ մը աշխարհի երեսէն անհետացնելու ձգտող հարեւան երկրի հետ: Վերադառնալով Հայաստան՝ Ահարոնեան հրապարակաւ ներկայացուց թուրքերուն հետ քննարկուած խնդիրները: Խորհրդարանին կամ լրատուամիջոցներուն մէջ խուճապ չստեղծուեցաւ, եւ պատուիրակութեան անդամները դաւաճաններ չյորջորջուեցան: Այս օրերուն, երբ որեւէ մակարդակի քաղաքական առաջնորդ մը կը խօսի Անգարայի հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու մասին, ան կը համարուի դաւաճան, վնասարար, մինչեւ իսկ իր հայկական ծագումը հարցականի տակ կը դրուի: Դժբախտաբար այս արմատաւորուած կուրութիւնը կ'արտացոլէ մեր այսօրուան քաղաքական մշակոյթը: Սա 70 տարի համայնավար իշխանութեա՞ն, թէ՞ 700 տարի պետական աւանդոյթի բացակայութեան հետեւանքն է: Մինչդեռ արեւմուտքի մեր հարեւանը Բիւզանդիայէն ժառանգած 700-ամեայ պետական աւանդոյթ ունի՝ զուգորդուած Չենկիզ Խանի մոնկոլական կայսրութեան բարբարասութեան: Սակայն պէտք է արձանագրենք, որ, անկախ անկէ՝ արդիւնաւէ՞տ է, թէ՞ ոչ, երկխօսութիւն չի նշանակեր դիւանագիտական դաշնագիրի կամ համաձայնագիրի ստորագրութիւն, ո՛չ ալ անոր դիմող դիւանագէտը կը դարձնէ դաւաճան:
Տնտեսագէտ ԶԱՒԷՆ ԿՈՒՏՍՈՒԶ, շրջանաւարտ Ֆրանսայի Նանթի համալսարանէն

Ամբողջական յօդուածը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝ https://www.nouvelhay.com/2021/11/les-negociateurs-ne-sont-pas-plus-des-traitres-aujourdhui-que-lors-de-la-1ere-republique-darmenie/.

Բանակցութիւններուն մասին կարելի է կարդալ այստեղ՝ http://www.aniarc.am/2021/08/12/enver-ultimatum-1918-entente-confederation-1918/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *