Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին Հայաստանի արեւային մեծագոյն կայանի կառուցման աշխատանքները: Ըստ «Սփութնիկ Արմէնիա»-ի՝ այս մասին Հինգշաբթի, 19 Մայիսին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի (ՀՊՀՖ) մասնագէտ Հայկ Թադեւոսեան:
«Այգ-1» անունը կրող կայանը պիտի կառուցուի Աշնակ գիւղի մօտ եւ պիտի ըլլայ մեծագոյնը երկրին մէջ: ՀՊՀՖ-ը եւ ներդրողները կը ծրագրեն նախագիծը սկսիլ 2023-ին եւ ի գործ դնել 2025-ին:
2019-ին «Մաստար» եւ ՀՊՀՖ ՓԲԸ-ը զարգացման համատեղ համաձայնագիր կնքեցին՝ 400 մեկաուաթ արեւային PV աւելցնելու Հայաստանի մէջ, որուն կէսը պիտի գայ սոյն ծրագիրէն: