«Վիշապաքաղ». Երիտասարդ ճարտարագէտ, «100 գաղափար՝ Հայաստանի համար»-ի յաղթող, կ'աշխատի անօդաչու սարքերու ոչնչացման հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի վրայ

Երիտասարդ նախկին զինծառայողը եւ ՏԱ ճարտարագէտը ստեղծած են հակաօդային պաշտպանութեան ժամանակակից համակարգ մը, որ նախատեսուած է նոր սերունդի պատերազմներուն համար: «100 գաղափար՝ Հայաստանի համար» նախագիծի յաղթող Ալպերթ Յովակիմեան իր գիւտը կ'անուանէ «Վիշապաքաղ»: Ան կը պարզաբանէ, որ ինքնաշխատ տեսողական յայտնաբերումի հակաօդային պաշտպանութեան գործուն համակարգ է այդ: Յովակիմեան կ'ըսէ, որ իր համակարգը ըստ հնարաւորին կը փոխարինէ օդաչուներու օդադիտարկումի դիրքերը եւ այդպիսով կը փրկէ կեանքեր հաւանական սպառնալիքներու ժամանակ:

«100 գաղափար՝ Հայաստանի համար» մրցոյթը երիտասարդական նախագիծ է, զոր կազմակերպած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը՝ առ ի քաջալերանք երիտասարդներուն՝ հետաքրքրուելու գիտութեամբ եւ առաջարկելու նորարար գաղափարներ: Մրցոյթը ունի աւելի քան 20 անուանակարգ եւ կ'ընդգրկէ տարբեր ոլորտներ:

Ամբողջական լուրը կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/eng/news/1074302/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *