25 Մայիս 2022-ին Հայաստանի առաջին տիեզերական արբակնեակը գործարկուած է Ամերիկայի Քանաւերալ հրուանդանի տիեզերակայանէն՝ SpaceX ընկերութեան տիեզերանաւով: Այս մասին կառավարական հերթական նիստին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Փաշիեան աւելցուցած է, որ արբանեակը գործարկուած է Հայաստանի պետական երկրոսկրային ընկերութեան եւ սպանական Սաթլանթիսի միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ:
«Մեր առաջնահերթութիւններէն են տիեզերական արհեստագիտութիւններու տեղայնացումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ տիեզերական սարքաւորումներու արտադրութեան կազմակերպումը: Արբանեակային կառավարման կեդրոն մը եւ ստացող կայան մը կը հիմնուի մինչեւ 2023 թուականը, որոնց շուրջ կը ձեւաւորուի փորձագէտներու գիտահետազօտական խումբ մը»,- նշած է Փաշինեան:
Ըստ Փաշինեանի՝ արբանեակային լուսանկարները պիտի օգտագործուին սահմանի վերահսկողութեան, ճգնաժամի կանխարգելման եւ կառավարման, շրջակայ միջավայրի պահպանման, կլիմայի փոփոխութեան համակարգման, ինչպէս նաեւ ճանապարհներու եւ քաղաքներու զարգացման համար: